Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայանի ազատ շուկայի բոլոր բաժանմունքները` ստուգելով շուկայի իրականացուած նոր ձեւաւորումը:
Ֆընիանոս ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի իբրեւ ներկայացուցիչ, ներկայութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, ստանձնեց ապահովական նոր համակարգեր, որոնք հիմնականին մէջ կ՛ընդգրկեն ճամբորդական պայուսակներու խուզարկումի նոր սարքեր:
Ֆընիանոսի ընկերակցեցան նաեւ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Շեհապէտտին, Պէյրութի միջազգային օդակայանի նախագահ Ֆատի Հասան, «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, օդակայանի ապահովութեան պետ գնդապետ-զօրավար Ժորժ Տումեթ եւ շարք մը այլ պատասխանատուներ:
Շրջապտոյտէն ետք Ֆընիանոս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ յառաջիկայ փուլին խուզարկումի հոլովոյթը աւելի դիւրաւ պիտի ընթանայ` աւելցնելով, որ խուզարկումի պարագային բացառութիւններ պիտի չարձանագրուին:
«Մարդիկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ փոփոխութիւններ պիտի նշմարեն խուզարկումի իմաստով, իսկ օդակայան հասնող քաղաքացին համազօր պիտի ըլլայ աշխարհի մէջ բոլոր օդակայաններուն մէջ գտնուող քաղաքացիներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ապահովական միջոցառումներուն գծով իրենց որդեգրած կարգ մը քայլերը պիտի մնան գաղտնի:
Անդրադառնալով օդակայանի խճողուած իրավիճակին` Ֆընիանոս ընդգծեց, որ այդ գծով ալ հսկայ փոփոխութիւններ պիտի արձանագրուին: «Կը ջանանք ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք կը դիւրացնեն լիբանանցիին ճամբորդութիւնը դէպի այլ երկիրներ, ինչպէս նաեւ անոր Պէյրութ վերադարձը», շեշտեց ան:



