Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Կաթողիկէ Վարժարաններուն Վերաբերող Խորհրդակցական Նիստի Մը

July 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կաթողիկէ վարժարաններուն վերաբերող խորհրդակցական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան առաջնորդներ Հաննա Ռահմէ եւ Սեզար Ասիա եպիսկոպոսները, միաբանութիւններու նախագահ քոյրերն ու աբբահայրերը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական պլոքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս` Հզօր Լիբանան համախմբումի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Անթուան Հապշի, Մուսթաքպալ պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հատի Հպէյշ, Ազգային համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Ալպեր Մանսուր, Անկախ կեդրոնի պլոքի երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ներկայացուցիչ Ֆայսալ Սայեղ, ինչպէս նաեւ Քեսրուանի երեսփոխաններ Շամել Ռուքոզ եւ Շաուքի Տաքքաշ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սեփական դպրոցներուն դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները, որոնց շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն իրաւունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ քննարկելէ ետք դպրոցներուն դիմագրաւած հարցերն ու ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ թիւ 46 օրէնքն ու անոր հետեւանքները, համաձայնութիւն գոյացաւ կազմելու յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն խորհրդարանական բոլոր պլոքներուն ու սեփական դպրոցներու համադաշնակցութեան ներկայացուցիչները, որպէսզի ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լուծումներ գտնեն եւ փրկեն 2018-2019 կրթական տարեշրջանը, ինչպէս նաեւ ճշդեն յստակ եւ արդար ռազմավարութիւն մը, որուն գործադրութիւնը կրնայ երկարաժամկէտ ըլլալ:

Նշենք, որ հանդիպումէն ետք երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը առաջարկած է դպրոցներուն վերաբերող այս հարցը լուծել 12 հոկտեմբեր 1974-ին վաւերացուած թիւ 9298 օրէնքին գործադրութեամբ: Ան նշեց, որ թիւ 9298 օրէնքին հիման վրայ կը ճշդուին լիբանանեան պետութեան կողմէ կատարուելիք օժանդակութիւնները` նպաստելու համար սեփական դպրոց յաճախող աշակերտներու ծնողներուն:

Երեկոյեան Քեսրուանի եւ Մեթնի կաթողիկէ վարժարաններու ծնողական յանձնախումբերը գումարեցին նիստ մը, որմէ ետք հաստատեցին, որ կը զօրակցին Պքերքէի ներկայացուցած լուծման առաջարկին եւ թիւ 9298 օրէնքին գործադրութեան:

 

Նախորդը

«Մաքասետի Պատկանող Խատիժայի Անուան Դպրոցը Փակելու Որոշումը Պէտք Է Վերատեսութեան Ենթարկել» Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Յաջորդը

Ֆընիանոս Այցելեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայան Եւ Ստանձնեց Խուզարկումի Յատուկ Սարքեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.