Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Դատախազութեան Համար Բացուած Է Նոր Էջ. Նիկոլ Փաշինեան
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 1 յուլիսին ներկայ գտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութեան ստեղծման 100-ամեակին եւ դատախազութեան աշխատողի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր նիստին:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ան շեշտած է, որ ոչ ոք կրնայ ժխտել, թէ դատախազութիւնը առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է ոճիրներուն դէմ պայքարի առումով` իր գործունէութեան 100 տարիներուն ընթացքին:
Վարչապետը դիտել տուած է, որ հակառակ ձեռքբերումներուն` պէտք է անդրադառնալ այն երեւոյթին, որ 100-ամեայ գործունէութեան ընթացքին դատախազութեան կեանքին մէջ եղած են շատ բարդ եւ վիճայարոյց շրջաններ` սկսած 1930-ական թուականներու իրադարձութիւններէն մինչեւ անկախութեան համար պայքարողներուն դէմ հետապնդումները, որոնք նոյնպէս տեղի ունեցած են խորհրդային տարիներուն, իսկ անկախութեան վերականգումէն ետք եւս դատախազութեան գործունէութեան էջերը միշտ չէ, որ տօնական բառապաշարով եւ տրամադրութեամբ յագեցած են: Ն. Փաշինեան աւելցուցած է, որ դատախազութեան համար նոյնպէս բացուած է նոր էջ, որ` «մեծ կարելիութիւն է ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան, նոյնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար, ինչպէս իրաւապահ, պետական բոլոր մարմիններուն, այնպէս ալ դատախազութեան համար:
«Այդ նոր էջի ամէնէն առանցքային սկզբունքը հետեւեալն է. նոր Հայաստանի մէջ մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին, եւ այդ պատասխանատուութիւնը պէտք է ըլլայ համաչափ, իրաւաչափ եւ արդարացի, անմեղները պէտք է ընդհանրապէս որեւէ հետապնդման չենթարկուին, տուժողներուն իրաւունքները պէտք է լրջագոյնս պաշտպանուին, դատավարութեան բոլոր կողմերուն իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին, նոյնիսկ դատապարտեալներու, մեղադրեալներու իրաւունքները պէտք է լիարժէք պաշտպանուին, եւ ասիկա դատախազութեան կարեւորագոյն գործառոյթներէն մէկն է», հաստատած է ան:
Վարչապետը դիտել տուած է, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար արդարութիւնը շատ կարեւոր է, իսկ արդարութեան տնօրինման առումով, դատախազութեան դերը անգերազանցելի է. առ այդ, պէտք է անոր աշխատանքին առանցքը հանդիսանան` օրէնքը, իրաւունքը, տրամաբանութիւնը: «Նոր Հայաստանի մէջ դատախազութեան կարեւորագոյն խնդիրն է ապահովել օրինականութիւնը, օրինական այն առումով, որ պէտք չէ նկատի ունենայ, թէ ո՛վ է օրինականութեան առնչուողը` իշխանաւոր, թէ ընդդիմադիր, գործող պաշտօնեայ, թէ նախկին պաշտօնեայ: Այս վերաբերմունքը, այս յարաբերութիւնը որեւէ կապ պէտք չէ ունենայ քաղաքական որեւէ ենթահողի հետ», շեշտած է ան: Ըստ Փաշինեանին, կարեւորագոյնը պետական շահերու պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ, ուստի դատախազութենէն կ’անկալուի, որ սկզբունքային դիրքորոշում որդեգրէ եւ սկզբունքային գործունէութիւն ծաւալի պետական շահերու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ:
Հանդիսութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վարչապետ Փաշինեանը դիտել տուած է, որ բանակը պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ իրադարձութիւններու զարգացման որեւէ բեմագրութեան: «Արդէն ըսած ենք, որ կուտակումներ կան, գիտէք, որ զօրավարժութիւններ տեղի պիտի ունենան, իրենց յայտարարութիւններով` լայնածաւալ զօրավարժութիւններ: Զինուած ուժերը պէտք է պատրաստ ըլլան որեւէ բեմագրութեան, իմ հրամանս ալ այդ եղած է», հաստատած է ան:
Հոգեհանգիստ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Յիշատակին
1 յուլիսին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ մատուցուած է Ս. պատարագ` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ, իսկ աւարտին երջանկայիշատակ Գարեգին Ա.Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին շիրիմին առջև կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ` հայրապետին մահուան 19-րդ տարելիցին առիթով:
Եկեղեցականաց դասը և ուխտաւոր հայորդիները աղօթք բարձրացուցած են առ Աստուած` լուսահոգի Գարեգին Ա. կաթողիկոսին հոգիին խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար:
Սերժ Թանքեան Յաւակնոտ Ծրագիրներով Կը Ներկայանայ Նոր Կառավարութեան
25 յունիսին աշխարհահռչակ «Սիսթըմ աֆ է Տաուն» ռոք խումբի երաժիշտ, երգահան Սերժ Թանքեանը տեսակցեցաւ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ:
Թանքեանը իր ջերմ ողջոյնները յայտնեց նախարարին եւ պատմեց իր այցելութեան հիմնական առաքելութեան մասին:
Թանքեան ըսաւ, որ եկած է նոր կառավարութեան հետ կիսելու իր գաղափարներէն մէկը, որ կը միտի մէկ հարթակի վրայ համախմբել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայութիւնը:
Խօսքը համացանցային հարթակի մասին է, որ իր բնոյթով պէտք է ըլլայ գրաւիչ` ժամանակակից օգտատիրոջ համար եւ պէտք է ունենայ այնպիսի բովանդակութիւն, որ պիտի նպաստէ հայերու ազգային դիմագիծի պահպանման:
Նախարար Մխիթարեանը համաձայնեցաւ միասին աշխատիլ եւ զարգացնել այս գաղափարը:
Թանքեանը նոյն օրը տեսակցեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցին հետ, որուն զեկուցեց իր նոր ծրագիրներուն մասին:
«Ստեղծագործ Հայաստան» մշակութային հիմնարկին հետ քանի մը ժապաւէններ պատրաստելու մտադրութիւն ունինք, որոնցմէ մէկը` իմ ժապաւէնս, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան: Երկար ժամանակէ ի վեր կը խմորուի Հայաստանի մէջ միջազգային երաժշտական փառատօն հիմնելու գաղափարը: 2017-ին այստեղ հանդիպեցայ քանի մը երիտասարդներու հետ, որոնք մշակոյթի նախկին նախարարին հետ մասնագիտական ձայնագրման կեդրոն հիմնելու համաձայնութիւն ձեռք բերած էին: Կը կարծեմ, որ այդ ծրագիրին պէտք է ընթացք տալ, որովհետեւ նուագախումբի համար նախատեսուած մասնագիտական ձայնագրման կեդրոնը, մասնաւորապէս` շարժապատկերի զարգացման տեսանկիւնէն, Հայաստանի համար այսօր անհրաժեշտութիւն է: Ես անձամբ պատրաստ եմ օժանդակելու այդ ուղղութեամբ», նախարարին յայտնեց Թանքեանը:
Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը շեշտեց, որ «Ստեղծագործ Հայաստան» մշակութային հիմնարկին հետ մշակոյթի նախարարութեան համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւններէն մէկը ստեղծարար արդիւնաբերութեան զարգացումն է, որպէսզի մշակոյթը նաեւ տնտեսութեան զարգացման գործօն հանդիսանայ: Նախարարը աւելցուց, որ կ՛ակնկալէ Սերժ Թանքեանի եւ «Ստեղծագործ Հայաստան» հիմնարկի անդամ հանդիսացող սփիւռքահայ այլ յայտնի արուեստագէտներու աջակցութիւնը` հայ տաղանդները յայտնաբերելու եւ զանոնք համաշխարհային հարթակի վրայ ներկայացնելու գործին մէջ:
«Համոզուած եմ, որ այս նոր գաղափարներով, բաց մտքով, սրտով, ազնիւ ու անկեղծ մտադրութիւններով մենք շատ մեծ նուաճումներ պիտի իրականացնենք», ըսաւ Լիլիթ Մակունցը` Սերժ Թանքեանը հրաւիրելով 7 յուլիսին կայանալիք «Գորիս ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք 2018» ձեռնարկին բացման հանդիսութեան:
«Ոսկէ Ծիրան» Շարժապատկերի 15-րդ Փառատօնը` 8 Յուլիսին
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնը այս տարի պիտի սկսի 8 յուլիսին: «Ոսկէ ծիրան»-ը պիտի ըլլայ յոբելենական, որովհետեւ արդէն 15-րդ անգամն է, որ կը կազմակերպուի: Միջազգային այս փառատօնը պիտի տեւէ ութ օր եւ պիտի համատեղէ շարժապատկերի սիրահարները: Հիմնադրուած օրէն ի վեր փառատօնը տեղի կ՛ունենայ «Քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու խաչմերուկ» նշանաբանով: Վերջին 15 տարիներուն «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը կը հանդիսանայ Երեւանի ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն մէկը:
Փառատօնին ընդառաջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու նպատակով: Հաղորդենք, որ այս տարուան փառատօնին համար աշխարհի 83 երկիրներէ աւելի քան 600 դիմում ստացուած է: Հայաստանի մէջ սիրուած եւ երկրի սահմաններէն դուրս ալ ընդունելութիւն գտած փառատօնի այս տարուան մրցութային եւ արտամրցութային զանազան ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած են 110 ժապաւէններ: Փառատօնի կազմակերպիչները տեղեկացուցին, որ բացումը պիտի կատարուի ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպեր Կետիկեանի «Առանձնատունը» ժապաւէնով, իսկ փակումը պիտի կատարուի «Տոն Քիշոթի սպաննած մարդը» խորագիրով Թերի Տիլման ժապաւէնի ցուցադրութեամբ:
Խաղարկային ժապաւէններու մրցոյթի դատակազմէն Կարէն Աւետիսեանը մատնանշեց, որ փառատօնը այս տարի յաջողութիւններ արձանագրած է ժապաւէններու քանակի առումով, նոյն յաջողութիւնները կան նաեւ որակական իմաստով: Ըստ վաւերագրական ժապաւէններու դատակազմի անդամներէն Տիանա Մարտիրոսեանին, վաւերագրական գործերը խաղարկայիններուն պատճառով կը տուժեն, որովհետեւ անոնց նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ մեծ չէ: Ան տեղեկացուց, որ փառատօնի ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են 13 վաւերագրական ժապաւէններ: Այդ գործերը եկած են հեռաւոր երկիրներէ եւ տարածաշրջանէն` Վրաստանէն կամ Իրանէն:
Փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» ծրագիրի համակարգող Արծուի Բախչինեանը մատնանշեց, որ այս բաժինին համար ընտրուած են 27 ժապաւէններ, որոնցմէ ինն` տարբեր երկիրներէ: Այդ բոլոր ժապաւէնները արտադրուած են կա՛մ հայկական նիւթերով եւ կամ կ՛առնչուին Հայաստանին:
Տեղեկացնենք, որ 15-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ին ընթացքին յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի շուէտացի բեմադրիչ Ինկմար Պերկմանի յիշատակին: Նաեւ բացումը պիտի կատարուի բեմադրիչ Ներսէս Յովհաննիսեանի, բեմադրիչ Արա Վահունիի եւ բեմադրիչ ու դերասան Ալպերթ Մկրտչեանի աստղերուն:
ՀՕՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղը Գումարեց Իր Պատգամաւորական Ժողովը
24 յունիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի Պատգամաւորական ժողովը, որուն ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեանը:
Ժողովին ընթացքին շրջանաւարտ վարչութիւնը ՀՕՄ-ուհիներուն ներկայացուց Արցախի կառոյցի միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, այնուհետեւ նախանշուեցան յառաջիկայ գործունէութեան ուղղութիւնները:
Հաղորդենք նաեւ, որ Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին համալրուեցաւ վարչութեան կազմը. Արցախի ՀՕՄ-ի վարչութեան ատենապետուհի ընտրուեցաւ Արմինէ Յարութիւնեանը:
«Հայկական Պար» Խորագիրը Կրող Ցուցահանդէս «Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Տան Մէջ
Յուլիս 9-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ տեղի պիտի ունենայ մանկավարժ, նկարիչ, ձեւաւորող Հերիքնազ Խաչիկեանի «Հայկական պար» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին աշխատանքներ` հայկական կիրառական արուեստի վերականգնուած դդմարուեստ ճիւղէն, ինչպէս նաեւ` գործուածքներու քանի մը տեսակներ (կոպելէն, գորգ, կարպետ):
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս պիտի գան Ռուզաննա Ղարաջեանն ու Մերի Քարտաշեանը:
Տեղեկացնենք, որ Հերիքնազ Խաչիկեանը այժմ կ՛ուսանի ՀՊՄՀ մագիստրոսի վկայականի համար` գեղարուեստական կրթութեան բաժանմունքի կերպարուեստի բաժինին մէջ: Ան մասնակցած է շարք մը անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներու:
Նիւ Ճըրսիի «Նայիրի» Պարախումբը Ելոյթներ Պիտի Ունենայ Արցախի Մէջ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Նիւ Ճըրսիի «Նայիրի» պարախումբը յուլիս 4-ին եւ 5-ին Արցախի մէջ հանդէս պիտի գայ ներկայացումներով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը:
Ստեփանակերտի մէջ պարային ելոյթը պիտի կայանայ յուլիս 4-ին, ժամը 19:00-ին, Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի մեծ դահլիճին մէջ: Ելոյթին պիտի միանան` Արցախի պարի պետական, «Տնջրէ», «Մենք ենք մեր սարերը», «Արցախի բալիկներ» խումբերը:
Մարտունի քաղաքին մէջ ելոյթը պիտի կայանայ յուլիս 5-ին, ժամը 18:00-ին, Մարտունիի Մշակոյթի պալատին մէջ: Ներկայացումին ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Մարտունիի եւ Ճարտարի արուեստի դպրոցի սաները, ինչպէս նաեւ` «Քնար» ժողովրդական գործիքներու խումբը:
Պարային ելոյթները պիտի կայանան ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանիին տակ: Մուտքը ազատ է:
«Գեղեցիկը Պարզութեան Մէջ» Խորագիրը Կրող Ցուցահանդէս Նարեկացիի Յարկին Տակ
Յուլիս 2-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Նարինէ Գէորգեանի «Գեղեցիկը պարզութեան մէջ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան իւղաներկով եւ ագրիլով պատրաստուած հետաքրքրական նկարներ, որոնք կը ներկայացնեն ծովային բնակիչներու ողջ գեղեցկութիւնը:
Տեղեկացնենք, որ Նարինէ Գէորգեանը ուսանած է Հայաստանի Ազգային ճարտարագիտական համալսարանին մէջ. աշխատած է` իբրեւ ճարտարապետ, անիմաթոր, տեսերիզ համակարգող:
Ան ձեւագիտութեամբ կը զբաղի 2013-էն ի վեր. ունեցած է 5 անհատական ցուցահանդէսներ: 2016 թուականին արժանացած է «Ժողովրդական վարպետ» կոչման:
Հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսովը Արցախին Դպրոցական Հանրակառք Նուիրեց
Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, Ռուսիա բնակող հայ բարերար Սերգէյ Սարգիսովը, անձնական նախաձեռնութեամբ, Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նուիրեց դպրոցական հանրակառք մը: Այս մասին տեղեկացուց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ծովինար Բարխուդարեանը:
Ան նշեց, որ հանրակառքը պիտի ծառայէ դպրոցականներուն, յատկապէս` ճանաչողական պտոյտներու համար, ինչպէս նաեւ նոյն նպատակին համար շուտով այլ հանրակառք մը պիտի տրամադրուի Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան:
Մայիսին Հայաստանի Մէջ Արդիւնաբերութիւնը 13.3 Տոկոսով Աճած Է
Հայաստանի մէջ 2018 մայիսին, ապրիլի նկատմամբ, տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 10,4 տոկոսով: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, նոյն ժամանակահատուածին արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 13,3 տոկոսով:
Մայիսին աճած է նաեւ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը` մօտաւորապէս 42 առ հարիւրով, շինարարութեան ծաւալը` 2,4 առ հարիւրով, առեւտուրի շրջանառութիւնը` 12,1 առ հարիւրով:
Մէկ ամսուան ընթացքին աննշան` 0,1 տոկոսով աճած է նաեւ միջին ամսական անուանական աշխատավարձը:
Հաշուետու ժամանակահատուածին 5 առ հարիւրով նուազած են արտահանման ծաւալները, իսկ ներածման ծաւալները աճած են մօտ 12 առ հարիւրով: