ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ կոչ ուղղեց վերացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող բոլոր արգելքները` հաստատելով, որ երկրին դիմաց կը ծառանան շարք մը լուրջ հարցեր, որոնց լուծումը անհրաժեշտ է նոր կազմուելիք կառավարութեան կողմէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը կ՛ազդուի արտաքին միջամտութիւններէ եւ փոփոխութիւններէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Պուսթանի երէկ ողջունեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը, հակառակ անոր որ այդ տունդարձը մեծ թիւերով չէ կատարուած: Պուսթանի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կարեւոր է Լիբանանի տնտեսութիւնը փրկելու համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը միակ չափանիշն է կառավարութեան մէջ համայնքներու արդար ներկայացուցչութեան:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը բաւական դժուար կացութեան դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ Լիբանան բոլոր մակարդակներուն վրայ ընկրկումներ կը դիմագրաւէ:
ՔԱԱՅԻ քաղաքապետ Պաշիր Մաթար շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն Քաայի պայթումներուն թղթածրարը փոխանցել Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին: Ան նշեց, որ երկու տարի առաջ Քաան հարուածած մեծ թիւով պայթումներուն մասին բացուած հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք կարելի չէ եղած անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներուն ինքնութիւնը բացայայտել:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք շեշտեց, որ լիբանանցի երիտասարդները ստեղծած են Դիմադրութիւնը եւ տապալած թշնամին: Հայեք հաստատեց, որ պէտք է Լիբանանի ապահովական եւ ընկերային կայունութիւնը պահպանել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան եւ իշխանութեան ստանձնումին առումով ցուցաբերուած միջմարոնիական գործելաոճը անճիշդ է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քընտիլ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իր ստորագրած համաձայնութենէն դուրս եկաւ, երբ վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ արգելափակուեցաւ:


