Հայկական կողմը դիմած է ամերիկեան կողմին` Ազրպէյճանին ամերիկեան ուղղաթիռներու վաճառքի հարցով: Այս մասին գրառում կատարած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:
«Ամերիկեան ուղղաթիռներու վաճառքին մասին իմ մտահոգութիւններս ներկայացուցած եմ Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի համանախագահին եւ անդամին, որոնք նոյն յանձնախումբի անդամ են», գրած է ան:
Աւելի կանուխ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Ազրպէյճան 26 յունիսի զինուորական շքերթին ընթացքին պիտի ցուցադրէ ամերիկեան արտադրութեան «Պելլ-412» ուղղաթիռներ:



