Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 յունիսին հաստատած է կառավարութեան որոշումը, որուն համաձայն, Յարութ Մնացականեան ազատ կացուցուած է Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի պաշտօնէն, իր դիմումին համաձայն, այլ աշխատանքի անցնելու պատճառով:
Նախագահ Բակօ Սահակեան հաստատած է կառավարութեան մէկ այլ որոշումը, ըստ որուն, Գագիկ Մարտիրոսեան նշանակուած է Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար:



