Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 յունիսին շնորհակալական նամակ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Նամակին մէջ ըսուած է. «Յարգարժա՛ն Նիկոլ Փաշինեան: Անկեղծ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի 16-17 յունիսին Արցախ այցելելու իմ հրաւէրը ընդունելու համար:
Քննարկումները, որոնք տեղի ունեցած են ձեզի եւ ձեր գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան հետ, շատ կարեւոր էին եւ բովանդակալից:
Կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել մեր հանդիպումին ընթացքին ձեր արտայայտած դիրքորոշումին համար, որ դուք կ՛ողջունէք եւ կարեւոր կը նկատէք իրական եւ բովանդակային փոփոխութիւններ իրականացնելու Արցախի նախագահի պատրաստակամութիւնը եւ այդ հարցով անվերապահօրէն կ՛աջակցիք Արցախի գործընկերներուն եւ երկրի ղեկավարին, եւ որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը անվերապահօրէն կ՛աջակցի մեր բռնած քաղաքական ուղիին:
Կ՛ուզէի ընդգծել, որ Արցախի իշխանութիւնները եւ անձամբ ես անվերապահօրէն սատար կը կանգնինք Մայր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ օրինականութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման ուղղուած ձեր սկզբունքային քաղաքականութեան:
Համոզուած եմ, որ այսուհետեւ ալ աւելի պիտի ընդլայնուի հայկական երկու հանրապետութիւններուն սերտ փոխադարձ գործակցութիւնը` ի փառս մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին:
Անգամ մը եւս ընդունեցէք իմ երախտագիտութիւնս եւ ջերմ բարեմաղթանքներս»:



