Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Արցախի Հանրապետութիւն տուած այցելութիւնը «պատերազմի կոչ» որակեց: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Այս մասին լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ 18 յունիսին ըսաւ. «Փաշինեանի այցելութիւնը Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ սադրանք է, զինուորական արկածախնդրութիւն եւ իրավիճակը սրելու ուղղուած քայլ: Նման արարքներ բացայայտօրէն կը ցուցադրեն, որ Հայաստան շահագրգռուած չէ տագնապը բանակցութիւններով լուծելու ընտրանքով», պնդեց Հաճիեւ:



