Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի 25 Քոնկրեսականներ Փոմփէոյին Կոչ Ուղղած Են Զգալի Կերպով Աջակցելու Հայաստանին

June 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կոչ կ՛ուղղենք ձեզ աջակցելու Հայաստանի մէջ քաղաքական դրական զարգացումներուն», Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականները այսպէս սկսած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի ուղղուած իրենց նամակը: Այս մասին «Ամերիկայի Ձայն»-ին հաղորդած է քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի գրասենեակը:

Քոնկրեսականներուն համաձայն, ժողովուրդի աջակցութեամբ, խաղաղ ճամբով վարչապետ դարձած Նիկոլ Փաշինեանը ունի եզակի կարելիութիւն «վերափոխելու Հայաստանի քաղաքական, կառավարական, տնտեսական դաշտը եւ Հայաստանի ամբողջ բնոյթը»:

«Այս կարելիութիւնը իր մէջ, սակայն, զգալի վտանգներ կը պարունակէ, եւ մենք կրնանք նուազեցնել այդ վտանգները` օգնելով ամրապնդել Հայաստանի քաղաքական եւ քաղաքացիական հաստատութիւնները, աջակցելով Հայաստանի կողմէ ընտրուած քաղաքական առաջնահերթութիւններու իրականացման», նշուած է նամակին մէջ:

Քոնկրեսականներուն կարծիքով, Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը յատկապէս էական է անցումային շրջանին մէջ, երբ կառավարութիւնն ու քաղաքացիները միասին կը փորձեն յաղթահարել փտածութեան անցեալը:

Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրները արտաքին գործոց նախարարին կոչ կ՛ուղղեն զգալիօրէն աւելցնելու Հայաստանին յատկացուող օգնութիւնը եւ օգնելու երկրին պայքարելու փտածութեան դէմ: Նամակը ստորագրած 25 քոնկրեսականներու շարքին են Քոնկրեսի հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի համանախագահներ Ճեքի Սփիրն ու Ֆրենք Փալոնը, ինչպէս նաեւ շարք մը ազդեցիկ քոնկրեսականներ, ներառեալ Էտըմ Շիֆն ու Էլիըթ Էնկելը:

Նախորդը

Փայլան. «Պիտի Պայքարինք Հայ-Թրքական Սահմանին Բացման Համար»

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Շնորհակալական Նամակ Յղած Է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.