ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր կեանքի լաւագոյն պահերը կ՛ապրիք: Մի՛ յանձնուիք: Կրկին փորձեցէք, մինչեւ որ հասնիք ձեր նպատակին: Պտոյտի մը կամ հանդիսութեան մը պիտի մասնակցիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մեղմացուցէք մթնոլորտը եւ շինիչ դեր կատարեցէք: Հակասական զգացումներ եւ փորձութիւններ պիտի ապրիք: Մթնոլորտը տագնապալից է անձնական հարցի մը պատճառով: Առողջական խնդիրներ պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի լաւանայ: Հոգերը պիտի վերանան, եւ ձեր միտքը պիտի հանգստանայ: Ձեր սիրելիներուն կողքին կեցէք: Նոր սկիզբ մը պիտի ունենաք: Ամսուան հաճելի օրերէն մէկն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ ամբողջութեամբ կատարեցէք զայն: Ժամանակ մի՛ վատնէք. դրական սկիզբ մըն է, որուն ընթացքին պիտի հնձէք յաջողութիւն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Իւրայատուկ պիտի ըլլաք ձեր կատարողութեան մէջ: Օրը խոստմնալից է բարի լուրով կամ նոր սկիզբով: Նոր միտքեր պիտի առաջարկէք եւ պիտի աշխատիք իրականացնել նոր ծրագիր մը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուշադիր եղէք տակնուվրայութենէ, որովհետեւ ձեր գործերը եւ գործունէութիւնները պիտի ուշանան: Պիտի գանգատիք գործերու դանդաղ ընթացքին: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մեղմացուցէք մթնոլորտը եւ բարելաւեցէք ձեր յարաբերութիւնները: Ձեր բարեկամներուն կեցուածքը ձեր կողքին` պիտի ուրախացնէ ձեզ: Ձեր առաջնահերթութիւնները դասաւորեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճնշումներուն դիմաց մի՛ տկարանաք: Պատրաստ եղէք դիմագրաւելու ներկայ կացութիւնը: Յարմար պահ է յառաջանալու: Ուստի ջանք մի՛ խնայէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրական ժամանակաշրջան մըն է` լեցուն հանգստութեամբ եւ յաջողութեամբ: Օգտուեցէք ձեր կողքին կանգնած բախտէն: Կարողութիւն ունիք նոր յարաբերութիւններ մշակելու ձեր շրջապատին հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարծիքներու տարբերութենէն մի՛ գանգատիք: Վարչական եւ առողջական փաստաթուղթերուն ուշադիր եղէք: Պիտի պարտաւորուիք ձեր տեսակէտը ներկայացնել կամ ներողութիւն խնդրել` ժխտական կեցուածքի մը պատճառով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ յոգնիք: Զգուշ եղէք ջղայնութենէն եւ թշնամական կեցուածքներէն: Հեռու մնացէք արկածներէն եւ թշնամիներէն, որոնք շատ են այս օրերուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Յաւելեալ զբաղումները ձեզ պիտի յոգնեցնեն: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Ճնշումները շատ են, եւ դուք հանգիստի պէտք ունիք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: