Պաշտպանութեան բանակի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ թշնամիին կողմէ արձակուած կրակոցէն զոհուած պայմանագրային զինուոր` 25-ամեայ Վահագն Էլոյեանը Երեւանէն էր` Աջափնյակէն: Ան ընտանիքին միակ որդին էր:
Էլոյեան աւարտած էր Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական համալսարանը եւ ծառայութեան անցած Արցախ: Ան մասնակցած է նաեւ 2016-ի ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն:
Զոհուած զինուորին հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր, իսկ յուղարկաւորութիւնը` 13 յունիսին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ:
Նշենք, որ նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հրամանագիր ստորագրած է Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինուոր Վահագն Էլոյեանը «Մարտական ծառայութիւն» մետալով յետմահու պարգեւատրելու մասին:


