Առհասարակ մամուլի մասին խօսելով` իբրեւ կիզակէտ նկատի կ՛ունենանք հաղորդակցութիւնը… կապ մը, միջոց մը, բնագաւառ մը, որ այնքան փոփոխութիւն կրած է (եւ դեռ ալ պիտի կրէ), որ իր իմաստն ու հասկացողութիւնը նոյնիսկ կորսնցուցած է:
Կարկինը քիչ մը սեղմելով` սփիւռքահայ մամուլին պարագան նոյնն է: Ան ծնունդ առած է Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ… տարինե՜ր առաջ, յանձին հայ մամուլի ռահվիրայ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի` սփիւռքեան իրավիճակին եւ գոյավիճակին հաղորդակցելու սկզբնական անհրաժեշտութենէն:
Հայր Շմաւոնեանին լոյս ընծայած «Ազդարար» ամսաթերթը (Մատրաս, Հնդկաստան), որ կարճ կեանք մը ունեցաւ` հոկտեմբեր 1794-էն մինչեւ մարտ 1796, ընդամէնը 18 թիւ հրատարակելով, նպատակ ունէր կամրջել այդ օրերուն Ասիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած հայ վաճառականները` ազգային եւ մշակութային լուրեր հաղորդելով:
Ներկայ ժամանակներուն հայ մամուլի ու սփիւռքի առնչութիւնը կը մեկնի կապ հաստատելու եւ հաղորդակցելու սկզբնական այն կարիքԷն, զոր Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողները զգացին` գիտակից ըլլալով օրուան արգելքները, խոչընդոտներն ու լուռ ցաւերը հասկնալու անհրաժեշտութեան:
Ցեղասպանութեան յաջորդ սերունդը գործօն դերակատարը եղաւ սփիւռքեան գոյավիճակի տագնապին, որուն հանդէպ մամուլը յատուկ գուրգուրանք ունեցաւ: Սակայն յստակ է, որ անոր հասկացողութիւնը, դերակատարութիւնն ու անհրաժեշտ վերասահմանումը հարցադրումի տակ կը մնան:
Այո՛… շարունակ մուտք գործող առցանցային ու ելեկտրոնային համակարգեր, սկսելով պարզ ել-նամակներէն մինչեւ Դիմատետր, Դայլայլիչ եւ այլն, միեւնոյն ժամանակ թէ՛ դիւրացուցած եւ թէ՛ դժուարացուցած են ընդհանրապէս մամուլի եւ յատկապէս սփիւռքահայ մամուլի պարտականութիւնը:
Լուրերը կայծակնային արագութեամբ կը տարածուին վերոյիշեալ կառոյցներուն միջոցաւ, սակայն բազմիցս կը հանդիպինք մերթ անմակարդակ եւ մերթ կիսատ-պռատ մատուցումներու:
Աւելի՛ն. մատը վէրքին վրայ դնելով` ազգային առաքելութիւն-դերակատարութիւն եւ լեզու-մամուլ ներդաշնակ գործօնը խաթարուած ու սայթաքած է: Դժուար է քայլ պահել գլխապտոյտ պատճառող ելեկտրոնային զարգացումներուն հետ: Այս անիշխանական մթնոլորտին մէջ անձն ու անհատը սկսած են գերազանցել հաւաքական մտածելակերպ կոչուած երբեմնի հասկացողութիւնը: Հետեւաբար, այս կացութեան լոյսին տակ, մամուլի «չորրորդ իշխանութիւն» հասկացողութիւնը դուրս եկած է այդ դասակարգային բաժանումէն: Պատճառն այն է, որ զայն նախորդող երեք իշխանութիւններուն (առաջին` կղերական, երկրորդ` ազնուական եւ երրորդ` հասարակ քաղաքացիի) հասկացողութիւնն ալ խախտած է:
Այս մտահոգութիւններու միտք բանին սփիւռքի մէջ հայ մամուլի ներկայ կացութիւնը կառուցողական փակուղիի մէջ տեղադրելը չէ: Բնականաբար, փորձարկումներ եւ փորձառութիւններ կան, զորս կարելի է իրականացնել` դէմ դնելով գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն:



