ԴՈԿՏ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Հայկական Պոլիս» դեգերումներուս մէջ հրճուալի զուգադիպութեամբ, պատահական տեղացիի մը յանձնարարականով այցի գացի Շիշլի թաղամաս: Ցաւօք տեղեկացայ, որ հայոց գերեզմանատունը Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին տարիներուն բռնազաւթուած էր պետութեան կողմէ: Տեղեկացայ նմանապէս, որ 1893 թուականին Օսմանեան կայսրութեան արտօնագրով գերեզմանի մուտքին կառուցուած են դիւանատան կամ պահապաններու եւ քահանաներու համար կառոյցներ: Իսկ 1903 թուականին ալ օրուան պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանի ծրագրով Միհրան խալիֆա օգնած է գերեզմանատան դարպասները վերակառուցելու:

Գերեզմանատուն այցելութեանս ընթացքին հոն թաղուած գտայ` նոյնինքն Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքը, Սիպիլը (Զապէլ Ասատուր), Եղիա Տեմիրճիպաշեանը եւ վերջին տարիներուն` Յակոբ Մնձուրին: Նաեւ` շատ մը յուշարձաններ եւ դամբարաններ: Այս բոլոր բացայայտումներուն միջոցին վերյիշեցի ժամանակ մը առաջ պոլսահայ օրաթերթի մը մէջ կարդացածս` Ե. Տեմիրճիպաշեանի եղերական վախճանին մասին:
Մօր մահէն ետք դժբախտ պայմաններու մէջ ապրելով, արդէն հիւծախտէն տառապող` պատահականօրէն կը ծանօթանայ օտարերկրացի կնոջ մը, որ կորսնցուցած էր ամուսինը, եւ կ՛արժանանայ անոր խնամքին` բարեկամական անքակտելի կապով մը. Եղիան յաւիտենական սիրով մը կը կապուի անոր, որ մինչեւ մահուան դուռ կը հասցնէ զինք` կախուելով կաշիէ գօտիով մը: Օրմանեան պատրիարքի արտօնութեամբ, Եղիային թաղումը կը կատարուի Պոլսոյ մեր եկեղեցիներէն մէկուն մէջ` կանոնական արարողութեամբ, ապա մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի այս գերեզմանատունը եւ կը թաղուի անձնասպաններու յատկացուած թաղամասին մէջ: Հետագային վերանշուած տիկինը, Եղիշէ Դուրեան պատրիարքին արտօնութեամբ, Եղիային մարմինը տեղափոխել եւ վերաթաղել կու տայ նոյն այս գերեզմանատան կեդրոնը` կանգնեցնելով այսօր իմ այցելած ուշագրաւ իր դամբարանը: Նաեւ մտաբերեցի Փարիզ` Հայ գրագէտներու բարեկամներ խմբակին կողմէ հրատարակուած Եղիային գիրքը` «Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ» անունով:
Այսօր քրքրելով` գտայ քերթուածի մը հետեւեալ երկու տողերը ու կը մտածեմ, թէ որքա՛ն ճիշդ են:
«Մա՜յրս է, Մա՜յրս է… որ կ՛անիծէ զիս.
«Տղա՛ս, գրո՛ղ եղար, անօթի պիտի մեռնիս…»:


