Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուանդ Չաթալպաշեանին Մահուան Քառասունքին Առիթով

June 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր անցած են Երուանդ Չաթալպաշեանին մահէն: Քառասուն օրեր առաջ ցուրտ հողին յանձնեցինք Երուանդին անշունչ մարմինը, ան հեռացաւ առյաւէտ, բայց` միայն ֆիզիքապէս, որովհետեւ իր հոգին կը շրջի մեր մէջ եւ մեր հոգիներէն ներս` թէ՛ այսօր եւ թէ՛ միշտ: Անոր հարուստ եւ կամեցող հոգին, հեզ նկարագիրը, նիւթապէս եւ բարոյապէս չքաւոր ընտանիքներու օգտակար ըլլալը եւ հայ աշակերտին կրթաթոշակը ապահովելը: Այս բոլորը կը կատարուէր լո՜ւռ եւ անաղմուկ, առանց մամուլի եւ որեւէ յայտարարութեան: Համեստ էր ան ե՛ւ ընկերային ե՛ւ մարդասէր, կը յարգէր չքաւորը, անոր հետ կը նստէր եւ կը ճաշէր, կը մեծարէր տկարը, ռամիկը, մարդը, հա՛յ մարդը, հայուն մէջ կը փնտռէր «հայը»: Այս պոլսեցիի զաւակը կ՛ուզէր քալել իր հօր հանգուցեալ Գէորգ Չաթալպաշեանին ուղիով, այդ մեծ հայուն կրտսեր զաւակը շարունակեց իր կրցած չափով տալ:

Սիրելի՛ Երուանդ, ես ալ, իմ համեստս, պիտի քալեմ ձեր ուղիէն, շարունակելու համար ձեր սրբազան գործը: Հուսկ` ուրեմն թող այս սրտի խօսքը ըլլայ երկու ծխացող խունկ եւ փունջ մը ծաղիկ ձեր ցուրտ շիրիմին: Կը խոնարհիմ ձեր հողակոյտին առջեւ: Արդ, հանգիստ եւ յարգանք ձեր յոգնաբեկ ոսկորներուն, հողը թեթեւ գայ իմ աննման սիրելիս: Վարձքդ կատար սիրելի Երուանդ: Հոս կը մէջբերեմ արեւմտահայ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի մէկ քերթուածը, որ կ՛ըսէ. «Ինչ մնաց… կեանքէն ինծի ինչ մնաց, ինչ որ տուի ուրիշին… տարօրինակ այդ միայն, ինչ որ տուի ուրիշին…

Սգակիր կողակիցդ`
ՎԻՔԻ ՉԱԹԱԼՊԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ուխտի Ճանապարհներ. Եղիա Տեմիրճիպաշեանին Գերեզմանը

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ «Անկախութեան Ձգտումը… Եւ Լեւոն Շանթ» Ստեղծագործութիւնը

RelatedPosts

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.