Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Ռուբէն Պապայեանի Եւ Նարինէ Գրիգորեանին Հետ

Յունիս 8, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի գարնանային փառատօնի ծիրին մէջ,  հինգշաբթի, 7 յունիս 2018-ին «Արեւածաղիկ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թռիչք քաղաքի վրայով» մենաներկայացումը Նարինէ Գրիգորեանի կատարողութեամբ, իսկ ուրբաթ, 8 յունիս 2018-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Նարինէ Գրիգորեան պիտի ներկայացնէ «Ընտանիքս ճամպրուկի մէջ» մենաներկայացումը: Այս առիթով «Վանայ ձայն»-ը հարցազրոյց մը ունեցաւ  Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի ղեկավար Ռուբէն Պապայեանի եւ տաղանդաշատ դերաասանուի եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանին հետ:

Նարինէ Գրիգորեան` խօսելով Լիբանանի մէջ զոյգ ներկայացումներով հանդէս գալու հրաւէրին մասին ըսաւ, որ Անուշ Ասլիբեկեանի «Թռիչք քաղաքի վրայով» ներկայացումը արդէն շատ երկար խաղացեր ենք հիւսիսային երկրագունդի տարածքի շատ մը քաղաքներու մէջ: «Վերջերս մասնակցեցանք Եգիպտոս էքսփերիմենթըլ թատրոններու փառատօններուն: Կը մտածէի, որ այս ներկայացումը կարելի չէ ալ խաղալ, որովհետեւ ներկայացումները ծերանալու յատկութիւն ունին: Եգիպտոսի մէջ  ներկայացումը մեծ աղմուկ հանեց, եւ մենք բազմաթիւ հրաւէրներ ստացանք այս անգամ հարաւային կիսագունդէն, արաբական շատ մը երկիրներէ: Թունես գացինք, ապա դասաւորուեցաւ նաեւ Պէյրութ մեր գալը»:

Ռուբէն Պապայեան ըսաւ, որ ասիկա առաջին ներկայացումը չէ, զոր Նարինէն բեմադրած է, այլ ան ունի երկու շատ հետաքրքրական ներկայացումներ: «Ներկայացումները այնքան երկար կեանք չունին, բայց այս մէկը զարմանալիօրէն երկար կ՛ապրի, այն որոշակի եթերային վիճակէ կու գայ եւ հոգեւոր շունչ կը կրէ: Երազել կը սիրէ ամէն մարդ, իրականութեան մէջ երբ կու գաս թատրոն եւ Նարինէն քեզ կը դարձնէ համահեղինակ, որովհետեւ դուն կը տեղափոխուիս այն աշխարհը, որ բեմին վրայ ստեղծուած է, երբ նման ստեղծագործական ճիգի վրայ կը կառուցուի ներկայացումը, երբ հանդիսատեսը կը դառնայ համահեղինակ, ներկայացումը կ՛ունենայ երկար կեանք»:

Խօսելով «Թռիչք քաղաքի վրայով» ներկայացման նիւթին մասին` Նարինէ Գրիգորեան ըսաւ.  «Ուղեղիս մէջ կը ձեւաւորուէր կոյր աղջկան ներաշխարհը ներկայացնելու գաղափարը: Կրնար ըլլալ ոեւէ աղջիկ, որ կ՛ապրի իր ստեղծած աշխարհին մէջ եւ կը վախնայ իրականութենէն: Այս աղջիկը կ՛ապրի իր ստեղծած հեքեաթին մէջ, բայց ես կը հասկնայի, որ Սերգէյ Թովմասեանի ամէն մէկ քայլը իմ վրաս կ՛ազդէր, ամէն մէկ շունչը, բանալիներու ձայնը եւ բոյրերը»:

Ռուբէն Պապայեան ըսաւ. «Ես կը կարծեմ իւրաքանաչիւր ղեկավար պէտք է ունենայ մէկ խնդիր` չխանգարել: Կացութիւնը աւելի լուրջ է, երբ գործ կ՛ունենաս նման արուեստագէտի հետ: Նարինէին հետ դիւրին կ՛աշխատինք, իրարու կը հասկնանք կէս բառէն, չխանգարելու յատկութիւնը կ՛օգնէ ստեղծագործելու, որովհետեւ Նարինէն ներքուստ գիտէ ինչ կ՛ուզէ. ան չ՛ուզեր ինչ որ բան, որ դուրս է իր զգայական, իր մտաւոր աշխարհէն: Արուեստագէտին կարելի չէ չվստահիլ:

Խօսելով  «Ընտանիքս ճամպրուկի մէջ» մենաներկայացումին մասին, զոր պիտի ներկայացուի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` Նարինէ Գրիգորեան ըսաւ, որ վաւերական ճամպրուկ է, որովհետեւ  կապուած է իմ մանկութեանս հետ: Մանկութիւնս համընկնած էր պատերազմի տարիներուն : Երբ եղաւ քառօրեայ պատերազմը, ապա հայրիկս մահացաւ, կային շարք մը պարագաներ, որոնք ինծի ստիպեցին վերյիշել մանկութեանս երջանիկ օրերը: Հօրս շնորհիւ ես պատերազմին ահը չէի զգացած. ես կ՛ուզէի ներկայացման միջոցով նոր սերունդին պատմել հայրիկիս եւ պատերազմին մասին, թէ ինչպէ՛ս ձեռք բերած ենք անկախ Հայաստանը, թէ ո՛վ կ՛ըլլայինք, եթէ մնար խորհրդային միութիւնը: Հայրենասիրութիւնը կը ծնի զիրար սիրելէն: Այս ներկայացման մէջ որպէս քաղաքացի, շատ ըսելիք ունէի, եւ այդ բոլորը տեղաւորուեցան վաւերական իմ մանկութեան յուշերուս մէջ, թէ ինչպէ՛ս հօրս գերի տարած էին ազրպէյճանցիները, թէ ինչպէ՛ս ընտանիքէս մէկ հոգի պիտի փրկուէր, եւ կ՛ընտրեն ինծի եւ ճամպրուկը կու տան ձեռքս եւ կ՛ուղարկեն: Յաղթանակի պատմութիւն  է: Մեծ յաղթանակը կը ծնի փոքր յաղթանակներէն: Փոքր երեխայի յաղթանակ է, որ երազած է ամբողջ պատերազմի ժամանակ երթալ թատերական խմբակ»:

Խօսելով «Ընտանիքս ճամպրուկի մէջ» ներկայացման մասին` Ռուբէն Պապայեան կ՛ըսէ, որ շատ լուսաւոր ներկայացում մըն է, ներկայացումէն լոյս աշխարհ կու գայ իրական բարութիւն. կը պատմէ շատ պարզ իրադարձութիւններու մասին` պատերազմներու կապուած, երեխայի աչքերով դիտուած, եւ ամէն մէկ նախադասութեան մէջ կայ լոյս եւ ջերմութիւն: Մարդասիրական ներկայացում  մըն է եւ շատ լաւ կ՛ընդունուի տարբեր ազգերու կողմէ: Ասիկա  անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ գոյութիւն չունի սեփական ցաւ: Եթէ ցաւը իրական է,  սէրը իրական է, անիկա համընդհանուր է, բոլորը քեզ կը հասկնան. եթէ քեզ չեն հասկնար, թերեւս քու պատմածդ թերի է, թերեւս ուրիշ խնդիր դրած ես: Այս ներկայացման առաջնախաղը մենք կատարած ենք Շուշիի մէջ տարի մը առաջ: Այս ներկայացումով մենք բացինք Շուշիի տրամաթիքական թատրոնը:

 

Նախորդը

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

«Երկիր»-ի Հարցազրոյցը Գեղարքունիքի Դաշնակցական Նորանշանակ Մարզպետ Իշխան Սաղաթելեանի Հետ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի Լուսարձակը` Ֆրեզնոյէն Ժամանած Բժիշկներուն Առաքելութեան Վրայ
Հարցազրոյց

«Ազդակ»-ի Լուսարձակը` Ֆրեզնոյէն Ժամանած Բժիշկներուն Առաքելութեան Վրայ

Ապրիլ 1, 2023
Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան
Հարցազրոյց

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան

Մարտ 17, 2023
«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ
Հարցազրոյց

«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ

Մարտ 15, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In