Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Նախագահը Փոքրիկներուն Համար Կատարեալ Հայաստանը Կը Պատկերացնէ Առանց Շուրջօրեայ Խնամքի Հաստատութիւններու
Հայաստանը այնպիսի երկիր պէտք է ըլլայ, որ փոքրիկներու խնամքի հաստատութիւններու կարիք չզգացուի: Բոլոր փոքրիկները պէտք է լիարժէք երջանիկ ըլլան իրենց ընտանիքներուն մէջ: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը այսպիսի կարծիք յայտնեց Փոքրիկներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով «Օրրան» բարեգործական կազմակերպութեան այցելութեան ժամանակ:
«Փոքրիկները մեր սէրն են, մեր կեանքն ու ապագան: Շատ ուրախ եմ, որ այսօր «Օրրան»-ի սաներուն հետ կ՛անցընեմ: Շատ լսած էի այստեղի փայլուն աշխատանքին մասին: Ի դէմս ինծի եւ կնոջս` բոլոր ծնողներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն հոյակապ գործին համար, որ կ՛ընէ «Օրրան»-ը», ըսաւ նախագահը եւ ընդգծեց, որ ասիկա իր առաջին այցելութիւնն էր, սակայն պիտի չըլլայ վերջինը:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպիսի՛ երկիր պէտք է ըլլայ Հայաստանը, ուր փոքրիկները իրենք զիրենք լիովին պաշտպանուած զգան, Արմէն Սարգսեան ըսաւ, որ օր մը այնպիսի երկիր պէտք է ըլլայ, որ հիմնադիր Յովհաննիսեան զոյգը փակէ «Օրրան»-ը: «Այսինքն այնքան լաւ ըլլայ երկիրը, որ այսպիսի կեդրոններու կարիք չըլլայ: Իւրաքանչիւր փոքրիկ իր դպրոցին եւ տան մէջ պէտք է ստանայ այն ամէնը, ինչի կարիքը ունի», ըսաւ նախագահը ու աւելցուց. «Սակայն կը կարծեմ, որ տակաւին բաւական ժամանակ եւ քրտնաջան աշխատանք պէտք է, որ այսպիսի կեդրոնները օր մը փակուին, եւ բոլոր փոքրիկները լիարժէք երջանիկ ըլլան իրենց ընտանիքներուն մէջ»:
Հայաստանի նախագահը նշեց, որ իր կինը աւելի երջանիկ է, որովհետեւ աւելի շատ ժամանակ ունի թոռներուն հետ անցընելու: «Երբ պապիկ կը դառնաս, շատ աւելի կը գնահատես եւ կը հասկնաս փոքրերը, քան` ծնողները: Ծնող եղած ժամանակ ես եւ իմ շատ ընկերներս կը մտածէինք, որ փոքրիկները պէտք է շարունակեն մեզի պէս ապրիլ: Սակայն երբ կը մեծնաս, աւելի իմաստուն կը դառնաս ու կը հասկնաս, որ իւրաքանչիւր փոքրիկ կը ծնի հանճարեղ, ունի որոշակի տաղանդ եւ իր կեանքը պիտի ունենայ: Իսկ քու գործդ է օգնել անոր, որ իր տաղանդը բացայայտէ: Իւրաքանչիւր փոքրիկ անհատականութիւն ունի», ըսաւ ան ու աւելցուց, որ հիմա իր թոռներուն անհատականութիւնը աւելի շատ կը տեսնէ, քան` ժամանակին իր զաւակներունը:
Փոքրիկներուն հետ նախագահը յիշեց նաեւ իր մանկութիւնը: Ան ապրած է Դեմիրճեան փողոցին վրայ: Ինչպէս ինք կ՛ըսէ, ունեցած է ե՛ւ պայծառ, ե՛ւ տխուր օրեր: «Հոյակապ օր ունեցած եմ, երբ 1963-ին տատիկս արտասահմանէն եկաւ մեզի այցելութեան: Սակայն ունիմ նաեւ տխուր յիշողութիւններ, երբ 1964-ին հայրիկս կորսնցուցի, երբ տակաւին 11 տարեկան էի: Ես ունեցած եմ սովորական հայ փոքրիկի մանկութիւն», յիշեց ան:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլոր հայ փոքրիկները, որոնք կ՛ապրին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Ան շնորհաւորեց նաեւ հայաստանցի բոլոր փոքրիկները, որոնք հայ չեն, բայց կ՛ապրին այստեղ եւ նուիրուած են այս երկրին:
«Իմ Հայաստան» Ծրագիրը Եւ Տեղական Զբօսավայրերու Վկայականներու Շնորհումը
Մայիս 24-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Տաւուշի, Շիրակի եւ Սիւնիքի մարզերու 31 մարզային զբօսավայրերու վկայականներու շնորհում, առ այն, որ անոնք աւարտած են Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի եւ հրաւիրուած դասընթացավարներու եւ հաւատարմագրուած զբօսավարներու կողմէ իրականացուած դասընթացքները, որոնք կազմակերպուած էին «Իմ Հայաստան» ծրագրի շրջանակներուն մէջ, եւ որ կը ֆինանսաւորուի Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ-ի եւ կ՛իրականացուի Սմիթսոնեան հիմնարկին կողմէ:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին` Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանը, Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ առաքելութեան տնօրէն Տեպորա Կրիզերը, «Իմ Հայաստան» ծրագրի ղեկավար Սիսակ Մխիթարեանը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի յատուկ դասընթացքներու տնօրէն Սերգէյ Թանթուշեանը:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը երկու տասնամեակէ աւելի կ՛աջակցի Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացմանշ երկրի տնտեսական աճին եւ գիւղական զարգացման: Զբօսաշրջիկները յաճախ կ՛այցելեն մարզեր` երեւանեան զբօսավարներու ուղեկցութեամբ: Այս դասընթացքին, ինչպէս նաեւ աւելի շատ գործնական դասընթացքին, այցելուներուն հետ անմիջական շփման շնորհիւ, մեր ծրագրին մարզային մասնակիցները պիտի կարենան զարգացնել իրենց հմտութիւնները եւ զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրաշարժ պատմութիւններ ներկայացնել», նշած է Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ առաքելութեան տնօրէն Տեպորա Կրիզերը:
«Իմ Հայաստան» ծրագիրը կ՛աջակցի Հայաստանի ամբողջ տարածքին կայուն եւ աշխուժ զբօսաշրջութեան զարգացման: Այս պատճառով մարզային մասնագէտներու գիտելիքներու հարստացումը առաջնահերթ է ծրագրին համար: Միջազգային եւ հայ զբօսաշրջիկները առաջինը հանդիպած են մարզային զբօսավարներուն, այսպիսով անոնց մատուցած ծառայութիւններուն եւ գիտելիքին որակը ուղիղ ազդեցութիւն ունի այցելուներուն տպաւորութիւններուն եւ որոշումներ կայացնելու վրայ: Այս ձեռնարկը կոչուած է արժեւորելու եւ մէկ անգամ եւս յիշեցնելու մասնակից զբօսավարներուն, թէ ի՛նչ արժէքաւոր ազդեցութիւն ունին Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման գործին մէջ, ըսաւ «Իմ Հայաստան» ծրագրի ղեկավար Սիսակ Մխիթարեանը:
Զբօսավարները այն դեսպաններն են, որոնց ուսերուն վրայ է ծանր եւ պատասխանատու աշխատանք` պատշաճ ներկայացնել Հայաստանը եւ հայկական զբօսաշրջութեան ծառայութիւնները, որոնք հետագային ազդեցութիւն կը ձգեն այցելուին որոշում կայացնելու հարցին մէջ: Կը կարծենք, որ զբօսավարներու կարողութիւններուն` շուկայի պահանջարկին համահունչ ըլլալը այցելուներուն մասնագիտական զբօսավարի ծառայութիւններու մատուցման առաջնային պայմաններէն է, նշեց Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեանը:
Երբ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին կարելիութիւն ընձեռուեցաւ զբօսավարներուն դասաւանդելու ծրագիր մշակել, մենք հասկցանք, որ այս մէկը լուրջ կարելիութիւն կը հանդիսանայ փոփոխութիւններ կատարելու համար: Մենք ջանք չենք խնայեր, որպէսզի ծրագիրը դառնայ կատարեալ եւ համոզուած ըլլալ, որ սորվողները ստացած են միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող գիտելիքներ: Յուսանք, որ մեր ճիգերը կը բերեն շօշափելի արդիւնքներ, եւ մասնակիցները կարենան յաջողութեամբ առաջնորդել այցելուներուն գեղեցիկ Հայաստանի թաքնուած ճանապարհներով, ըսաւ Սերգէյ Թանթուշեանը` Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի յատուկ դասընթացքներու տնօրէնը:
Մարզային համայնքներու մէջ մրցունակ աշխատուժի եւ յաւելեալ աշխատատեղերու ստեղծման նպատակով «Իմ Հայաստան» ծրագիրը նախաձեռնած էր Տաւուշի, Շիրակի եւ Սիւնիքի մարզերու մասնագէտներուն համար վերապատրաստման դասընթացք: Երեսունմէկ համայնքային մասնագէտներ մասնակցած էին ամէնօրեայ դասընթացքներուն` ստանալու համար գիտելիքներ հայոց պատմութեան, մշակոյթի, ճարտարապետութեան, ազգագրութեան, հնագիտութեան, բնութեան եւ կենդանական աշխարհի, բնապահպանական հարցերու, ինչպէս նաեւ զբօսավարի կենցաղավարութեան եւ մասնագիտական այլ հմտութիւններու մասին:
– Զբօսավարներու վերապատրաստման ծրագիրը իւրայատուկ կարելիութիւն է ինծի համար սորվելու զբօսաշրջութեան ոլորտի մասին, տեղական եւ միջազգային մասնագէտներու ղեկավարութեան տակ: Այժմ կրնամ աւելի լաւ ներկայացնել քաղաքս եւ հայկական մշակոյթը: Կիրարկելով բոլոր հմտութիւնները եւ մեթոտները, ինչպէս նաեւ լայն շրջանակի գիտելիքները, որոնք ստացած ենք, անշուշտ ի վիճակի կ՛ըլլանք աւելի տպաւորիչ պատմելու մեր պատմութիւնները եւ աւելի շատ այցելուներ ներգրաւելու, ըսաւ Լիզա Գասպարեանը, որ դասընթացքին մասնակցած է Շիրակի մարզէն:
Տեղեկացնենք, որ «Իմ Հայաստան» ծրագիրը կ՛աջակցի Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանման` խթանելով կայուն եւ աշխուժ զբօսաշրջութեան զարգացումը մարզերուն մէջ:
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի յատուկ դասընթացքներու բաժինը արդէն 18 տարի կը հանդիսանայ կրթութեան եւ ուսուցման ծրագիրներու կեդրոն` առանձնայատուկ դիրք գրաւելով Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ:
Սամանթա Փաուըր Երեւանի Մէջ Պիտի Մասնակցի «Աւրորա»-ի Ձեռնարկներուն
ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըրը պիտի մասնակցի 8-10 յունիսին, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական նախաձեռնութեան ձեռնարկներուն:
Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 2017-էն ի վեր ան «Աւրորա» մրցանակի ընտրող յանձնախումբի անդամ է:
8 յունիսին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ պիտի կայանայ հանրային զրոյց` Սամանթա Փաուըրի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ճոն Փրենտերլասթի հետ:
Տեղեկացնենք, որ մինչեւ ՄԱԿ-ի մէջ աշխատիլը` Սամանթա Փաուըրը ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ` իբրեւ նախագահի յատուկ օգնական եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի գլխաւոր տնօրէն:
Ան հեղինակած է «Փուլիցըր» մրցանակի արժանացած «Հարց դժոխքէն. Ամերիկան Եւ ցեղասպանութեան դարաշրջանը» գիրքը:
«Աւրորա» մրցանակը եւ անոր դափնեկիրները կ՛ապացուցեն, որ ո՛չ միայն կարեւոր է յիշել անցեալի վայրագութիւնները, այլեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի ներուժ` աջակցելու անոնց, որոնք ներկայիս կը փրկեն մարդոց կեանքը: Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ մրցանակի ընտրող յանձնախումբի անդամ, որ նպատակ ունի մեծարման արժանացնել անոնք, որոնք կրելով բազմաթիւ դժուարութիւններ` կ՛օգնեն այլոց, եւ ունին կամք` կուտակելու եւ պահպանելու մարդկային բարութիւնը նոյնիսկ խիստ դժուար պայմաններու մէջ», դեկտեմբեր 2017-ին ըսած էր Փաուըր:
«Մետիամաքս»-ը կը նշէ, որ նոյեմբեր 2016-ին Սամանթա Փաուըրը, որ այն ժամանակ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր ՄԱԿ-ի մէջ, խօսած էր «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման մասին»:
30 նոյեմբերին Ուաշինկթընի` Ողջակիզման թանգարանին մէջ Էլի Վիզըլի յիշատակին նուիրուած իր ելոյթին ընթացքին ըսած էր. «Աշխարհի մէջ դեռ շատ անարդարութիւն կար: Հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութեան մերժումը, իր կեանքին ընթացքին տեղի ունեցած սարսափները` Փոլ Փոթի վարչակարգը, Պոսնիան, Ռուանտան, Տարֆուրը, Սուրիան: Ան կ՛ապրէր եւ կը տեսնէր, թէ ինչպէ՛ս աւելի մեծ թիւով մարդիկ անասելի յանցագործութիւններու ականատեսը կը դառնան, սակայն լայնօրէն տարածուած կը մնար նաեւ անտարբերութիւնը»:
Նոր Հրատարակութիւն` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին առիթով լոյս ընծայած է «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Ա. Աշխարհամարտի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն (1914-1920 թուականներուն)» նիւթերու երկհատոր ժողովածուն:
Առաջին հատորին մէջ ներառուած 393 փաստաթուղթերը, որոնք կը ներկայացնեն 1914 թուականէն` Ա. Աշխարհամարտի սկիզբէն մինչեւ 1917 թուականի փետրուարի իրադարձութիւնները: Հրատարակուած փաստաթուղթերը կը պահուին Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ:
Երկրորդ հատորին մէջ ընդգրկուած 456 փաստաթուղթերը կ՛առնչուին 1917 թուականի մարտէն մինչեւ 1920 թուականի վերջը տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:
Անոնք կը ներկայացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Գէորգ Է. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ առանձին հոգեւորականներու դերն ու գործունէութիւնը եւ Մայր Աթոռի ու Հայաստանի կառավարութեան փոխյարաբերութիւնները:
Հաղորդենք, որ գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերը կը հրատարակուին առաջին անգամ, բնագրի լեզուով` մասնակի ուղղագրական եւ կէտադրական շտկումներով:
Նշենք, որ երկհատորեակը հրատարակուած է Մայր Աթոռի միաբան Փառէն արք. Աւետիքեանի մեկենասութեամբ` ի յիշատակ իր եղբօր` Աստուածատուր Աւետիքեանի:
Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Ֆաշըն Ֆորում Երեւան 2018»-ը
2-4 յունիս ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆաշըն ֆորում Երեւան 2018»-ը` նորաձեւութեան ոլորտը զարգացնելու եւ յառաջ մղելու առաքելութեամբ: Համաժողովը կազմակերպած է «Ազդեցութեան գործարար ակումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը` «Նորաձեւութեան եւ ձեւաւորումի պալատ» կազմակերպութեան հետ միատեղ:
Ձեռնարկին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 2 յունիսին, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ, «Նոյի սերունդները» հանրաճանաչ եւ սկսնակ հայ ձեւագէտներու հագուստներու ցուցադրութեամբ:
Բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարը, Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը:
Նշենք, որ «Ֆաշըն Ֆորում Երեւան 2018»-ին կ՛աջակցի Եւրոպական Միութիւնը: «Ֆաշըն Ֆորում Երեւան 2018»-ը եզակի կարելիութիւն կը ստեղծէ հանդիպելու նորաձեւութեան ոլորտի յառաջատար ներկայացուցիչներու, մասնագէտներու հետ եւ ուսումնասիրելու միջազգային փորձը: Այս առաջին քայլն է դէպի միջազգային նորաձեւութեան հարթակ, ուր գիտելիքը եւ կապերը յաջողութեան բանալին են: Ֆորումին մասնակցեցան եւ իրենց փորձառութիւնները կիսեցին նորաձեւութեան ոլորտի միջազգային յայտնի փորձագէտներ եւս: