Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատացի Երեսփոխաններ Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղեն` Աջակցելու Արցախի Բնակչութեան Ինքնորոշման Իրաւունքի Պաշտպանութեան

May 31, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Հարըլտ Ալպրեխթ 24 մայիսին խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ արտասանած խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առած է Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը` իր երկիրի կառավարութեան կոչ ուղղելով` ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան հարցին մէջ աջակցելու արցախցիներուն:

«Մենք կը նշենք Հայաստանի կատարած նշանակալի քայլերը, բայց Արցախի մէջ տիրող տագնապին շուրջ մտահոգութիւնները կը շարունակեն այժմէական ըլլալ: Արցախի բնակչութեան 80 առ հարիւրէն աւելին թեր քուէարկած է անկախութեան հանրաքուէին: Ցաւօք, Ազրպէյճան անտեսած է հանրաքուէին արդիւնքները եւ յարձակողական կերպով արձագանգած: Հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են տասնեակ հազարաւոր զոհեր, հարիւր հազարաւորներ ալ տեղահանուած են», «Հորիզոն»-ին համաձայն, նշած է քանատացի երեսփոխանը:

Ան մատնացոյց ըրած է Պաքուի կողմէ 2016-ի ապրիլին, ինչպէս նաեւ ամէն օր կրկնուող զինադադարի խախտումները, որոնց իբրեւ հետեւանք անմեղ հայ զինուորներ կը զոհուին:

Եզրափակելով խօսքը` քանատացի երեսփոխանը հզօր ուղերձ յղած է Քանատայի կառավարութեան` կոչ ուղղելով` «կանգնելու Արցախի հանրապետութեան ժողովուրդին կողքին իրենց գերիշխանութեան իրաւունքի պահպանման մէջ, ինչպէս նաեւ սերտօրէն համագործակցիլ միջազգային ընտանիքին հետ` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու համար»:

23 մայիսին Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած խօսք արտասանած է նաեւ երեսփոխան Տոն Տէյվիսը: Ան իր գործընկերներուն յիշեցուցած է իրենց ինքնորոշման իրաւունքի համար պայքարող արցախցիներու` 1991-ին կատարած անկախութեան հանրաքուէի մասին եւ մատնանշած Արցախի բնակչութեան` խաղաղութիւն հաստատելու ձգտումը:

Նախորդը

Ամերիկեան Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

Յաջորդը

Մամետեարով Արձագանգած Է Երեւանի Առաջարկին` Նշելով Այն Պարագան, Երբ Իրենք Հայաստանի Հետ Բարիդրացիական Յարաբերութիւններ Պիտի Հաստատեն

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.