Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ոչ Սուրիական Բոլոր Ուժերը Պէտք Է Անմիջապէս Հեռանան Երկրի Հարաւ Արեւմուտքը Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիէն»

May 31, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ բոլոր օտար զինեալ խմբաւորումները պէտք է հեռանան Սուրիոյ հարաւ արեւմտեան շրջանը գտնուող լարուածութեան մեղմացման գօտիէն` աւելցնելով, որ իր երկիրը այդ գծով երկխօսութիւն կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու եւ Յորդանանի հետ:

«Հարաւ արեւմուտքի լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ շատ ծանօթ համաձայնութիւններ ունինք Ռուսիոյ եւ Յորդանանի հետ, եւ Իսրայէլ անկէ լաւապէս տեղեակ է: Ըստ այդ համաձայնութիւններուն, այդ լարուածութեան մեղմացման գօտին պէտք է ամրապնդուի եւ ոչ սուրիական բոլոր ուժերը պէտք է դուրս գան հոնկէ», ըսաւ Լաւրով:

«Կը կարծեմ, թէ այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ կարելի եղածին չափ շուտ, եւ այժմ կը կատարենք այդ մէկը` ներառեալ յորդանանցի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ գործակցութիւնը», աւելցուց ան:

Լաւրով ըսաւ, որ իրենք պատրաստ են Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման «եւ փոխարէնը Ուաշինկթընէն առաջարկներ կը սպասենք»: Ան Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` Թեհրանի հետ երկխօսութիւն կատարելու:

Լաւրով Այսօր Հիւսիսային Քորէա Կ՛այցելէ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր պիտի այցելէ Հիւսիսային Քորէա` քննարկելու համար թերակղզիին վրայ տիրող կացութիւնը:

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ ռուսական դիւանագիտութեան պետը Փիոնկիանկի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ հիւսիսային քորէացի իր պաշտօնակից Ռի Եոն Հոյի հետ եւ անոր հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու միջազգային հարցերը:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ ապրիլին Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարը այցելած էր Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցած էր Լաւրովի հետ եւ զինք հրաւիրած Փիոնկիանկ:

Նշենք, որ Սինկափուրի մէջ կ՛ընթանան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի պատմական հանդիպումին նախապատրաստական աշխատանքները:

 

Նախորդը

«Մընպեժի Հարցին Գծով Թուրքիոյ Հետ Տակաւին Որեւէ Համաձայնութիւն Չենք Գոյացուցած» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.