Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մընպեժի Հարցին Գծով Թուրքիոյ Հետ Տակաւին Որեւէ Համաձայնութիւն Չենք Գոյացուցած» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

May 31, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Հետըր Նոուըրթ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Մընպեժի մէջ կատարուելիք գործողութիւններուն շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տակաւին որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած` աւելցնելով, որ քննարկումները կը շարունակուին:

Ան հաստատած է, որ թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խումբը Սուրիոյ մէջ միասնական գործողութիւններու նախնական քարտես կազմած է արդէն, եւ որ Մընպեժը եւս կը գտնուի գծուած տարածքներուն մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց. «Մընպեժի վերաբերեալ ճամբու քարտեսը կրնայ գործադրուիլ ամրան աւարտէն առաջ, եթէ Ամերիկայի հետ համաձայնութիւն գոյացնենք»:

Թրքական «Տիքեն» կայքը նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, թէ Սուրիոյ հարցով թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խմբակը սուրիական Մընպեժ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահագներու զինեալ ուժերու ընդհանուր գործողութիւններու «ճամբու քարտես» մը մշակած է:

«Կողմերը սահմանած են Մընպեժի մէջ անվտանգութեան ապահովման համար իրականացուող համագործակցութեան ճամբու քարտեսի մը ընդհանուր կէտերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իրենց հանդիպումին ընթացքին «նկատի պիտի ունենան» ուրբաթ օր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովին մասնակիցներուն «յանձնարարականները»:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր Թուրքիոյ Մէջ «Էֆ-35»-ներու Կողքին «Էս-400»-ներ Տեսնել

Յաջորդը

Լաւրով. «Ոչ Սուրիական Բոլոր Ուժերը Պէտք Է Անմիջապէս Հեռանան Երկրի Հարաւ Արեւմուտքը Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիէն»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.