Չեխիան պատուոյ հիւպատոսութիւն բացած է Երուսաղէմի մէջ, եւ այս առիթով օրուան երկրորդ կէսին հանդիսաւոր արարողութիւն տեղի ունեցած է: Այս մասին կը յայտնէ Չեխիոյ պատուոյ հիւպատոս Տան Փրոփեր:
Փրոփերի համաձայն, ասոր գլխաւոր նպատակը Իսրայէլի եւ Չեխիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումն է, ինչպէս նաեւ Չեխիոյ մէջ իսրայէլեան ներդրումներու ընդլայնումը:
Իսրայէլի մէջ Չեխիոյ պատուոյ հիւպատոսութիւն հիմնելու տրամադրութեան անդրադարձած էր Չեխիոյ վարչապետ Անտրէյ Պապիշը, ապրիլի սկիզբը:
Երկուշաբթի օր Փրոփեր Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստացած է արտօնութիւն` հիւպատոսութիւն բանալու: