Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման յայտարարած է, որ Արցախեան տագնապի լուծման համար պէտք է աւելի կտրուկ քայլերու ձեռնարկուին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սթար» օրաթերթը:
«Արցախի խնդիրը նաեւ մե՛ր խնդիրն է, ինչպէս Կիպրոսի հարցը նաեւ Ազրպէյճանինն է, իսկ Քաշմիրինը` ամբողջ իսլամական աշխարհինը: Մենք կը հաւատանք, որ այդպիսի հարցերու լուծման համար հարկ է աւելի կտրուկ քայլերու ձեռնարկուին», ըսած է Քահրաման Ազրպէյճանի սփիւռքի հարցերով նախարար Ֆուատ Մուրատովի հետ հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ Քահրամանի, «աշխարհի աչքին առջեւ մեծ անարդարութիւն տեղի կ՛ունենայ», եւ միջազգային ընտանիքը պէտք չէ անտարբեր մնայ այդ բոլորին ի տես: