Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր զօրակցութիւնը յայտնած է ֆրանսական հեղինակաւոր «Լը Փուան» պարբերականին, որուն գովազդային պաստառները վար առնուած էին Ֆրանսայի թուրք համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներու կողմէ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկարով ու «Բռնակալ» գրութեամբ պաստառին պատճառով:
Մաքրոն «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր պաշտօնական էջին վրայ պարբերաթերթի գովազդային պաստառին դէմ յարձակումները նկատած է անընդունելի: Ըստ Մաքրոնի, մամուլը իր ազատութեան համար պէտք չէ գին վճարէ, եւ առանց այդ ազատութեան երկիրները կը վերածուին իսկական բռնապետութեան:
Մէկ օր առաջ Ֆրանսայի Աւինիոն քաղաքին մէջ բնակող թուրքերը պատռած էին «Լը Փուան»-ի` Էրտողանի պատկերով գովազդային պաստառները:
Կը նշուի, որ Ֆրանսայի որոշ քաղաքներու մէջ թուրքերը փակած են գովազդային պաստառը, վնասած ատոր կամ ներկած զայն: