Ամերիկացի ծերակուտական Ճէյմս Լանքֆորտ գործարարներուն կոչ ուղղեց` «Թուրքիոյ մէջ դարձեալ ներդրումներ չկատարելու»` նշելով. «Թրքական կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն հետ լաւ չի վարուիր»:
«Թուրքիան դադրած է ներդրումներու համար լաւ երկիր մը ըլլալէ», ընդգծեց ծերակուտականը:
Յուլիս 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիան շատ փոխուեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք չէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումները աւելցնել մինչեւ վստահ ըլլանք, որ ամերիկացիները այդտեղ ապահով են»:
Ծերակուտականը թրքական կառավարութեան կեցուածքները հիւսիսային քորէական վարչակարգի կեցուածքին նմանցնելով նշեց. «Երբեք չմտածեցի, թէ պիտի պահանջեմ մեր պատանդներուն ազատ արձակումը Թուրքիայէն, որ կը վարուի Հիւսիսային Քորէային նման, եւ այսպիսի բան մը ՕԹԱՆ-ի անդամ դաշնակից պետութեան մը մասին ըսելը զարմանալի կը թուի»: