Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հանդիպումը 99,9 առ հարիւրով պիտի կայանայ` ըստ նախանշուած ծրագիրին: «Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հարաւային Քորէայի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Չուն Եէ-եոն:
«Մենք կը հաւատանք, որ 12 յունիսին Սինկափուրի մէջ նախատեսուած Հիւսիսային Քորէա-Միացեալ Նահանգներ հանդիպումը պիտի կայանայ», լրագրողներուն ըսած է Չուն` աւելցնելով, որ իրենք կը պատրաստուին նաեւ այլ զարգացումներու:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ինի հետ Սպիտակ տան մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած էր, որ «շատ մեծ կարելիութիւն» կայ, որ Ընի հետ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք պատմական վեհաժողովը կրնայ տեղի չունենալ:
Ան յայտարարած է, թէ Հիւսիսային Քորէան պէտք է համապատասխանէ վեհաժողովի կայացման համար անհրաժեշտ պայմաններուն, այլապէս ատիկա կրնայ տեղի ունենալ «աւելի ուշ»:
Յիշեցնենք, որ Հիւսիսային Քորէա քննադատած էր Սէուլի եւ Ուաշինկթընի միացեալ ռազմափորձը` սպառնալով տապալել Թրամփի հետ հանդիպումը: Բացի ատկէ, Փիոնկիանկ այդ ռազմափորձին դէմ իբրեւ բողոք ջնջած էր Հարաւային Քորէայի դիւանագիտական պատուիրակութեան հետ բանակցութիւնները:



