Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆեյսպուքեան ուղիղ միացումով խօսեցաւ դատական համակարգի խնդիրներուն մասին եւ ներկայացուց անոնց լուծման ուղիները: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի իշխանութեան ոեւէ ներկայացուցիչ հրահանգ չի տար դատարաններուն այս կամ այն որոշումը կայացնելու հարցին մէջ:
«Ատիկա ինծի համար կարմիր գիծ է, եւ չեմ կրնար թոյլ տալ, որ մեր իշխանութեան որեւէ ներկայացուցիչ հատէ այդ կարմիր գիծը, որովհետեւ անկախ դատական համակարգ ունենալու համար պէտք է ապահովել երկու բան` առաջինը կարելիութիւն տալ դատաւորներուն իրենց լիազօրութիւններու ծիրին մէջ կայացնել որոշումներ եւ երկրորդ` փակենք անոնց կողմէ կաշառքով հարցեր լուծելու բոլոր ճամբաները», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը յոյսով է, որ հասարակութիւնը պիտի պաշտպանէ այդ մօտեցումը:
Ըստ անոր, ներկայ օրէնսդրութեամբ Հայաստանի դատաւորները գործունէութեան որոշակի երաշխիքներ ունին եւ անոնք պէտք է այդ երաշխիքներէն օգտուին` որեւէ գործով կայացնեն առարկայական դատավճիռ` հիմք ընդունելով իրենց ձեռքի տակ եղած ապացոյցները:
«Ես կ՛ուզեմ յստակօրէն արձանագրել, որ Հայաստանի մէջ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի դատական համակարգի գործերուն միջամտել, նոյնիսկ դատական համակարգի ներսի մարդիկը եւ դատաւորները, եթէ իրենք իրենց վրայ վերցուցած են պատասխանատուութիւն ստանձնելու այդ պաշտօնը, ուրեմն պէտք է վերցնեն պատասխանատուութիւն կայացնելու վճիռներ», ըսաւ Փաշինեան` անդրադառնալով նաեւ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրարկելու ընթացքին: Ըստ անոր, այն պարագաներուն, երբ արդարացուած չէ կալանաւորումը, պէտք է անձերը կալանքէ ազատել:
«Պէտք է խուսափիլ այն վիճակէն, երբ կալանավայրերուն մէջ լեփ-լեցուն է եւ ուր կալանաւորները հերթով կը քնանան: Ասոնք ուղղակի խոշտանգման երեւոյթներ են, կ՛ուզեմ յստակ ուշադրութիւն դարձնել այս խնդիրին վրայ: Ես կը պաշտպանեմ արդարադատութեան նախարարին դիրքորոշումը. ատիկա է` կալանաւորներու թիւը պէտք չէ գերազանցէ կալանավայրերուն մէջ քնանալու տեղերը», ընդգծեց Փաշինեան:



