Հայաստանի Փառքերէն Մէկը
Եթէ ուզենք մեր յեղափոխական ընտրանիէն տասը հոգի առանձնացնել, անպայման որ պիտի տանք նաեւ Սեբաստացի Մուրատին անունը, որ նոյնիսկ մահէն առաջ դադրած էր պարզ դէմք մը ըլլալէ ու մտած` մեր դիւցազներգութեան մէջ, մարդկայինը գերազանցող արութեան մը իբրեւ ապրող խորհրդանիշ:
Հակադրութիւններու ամբողջ շարք մը կապուած է Մուրատի կեանքին եւ ամէն ինչ կարծես աւարտած է ի նպաստ իրեն:
Սեբաստիոյ աննշան գիւղերէն մէկուն մէջ ծնած էր ան, եղաւ մեր սրտերուն մնայուն գահակալներէն մէկը:
Նախակրթարանը չէր աւարտած, բայց Զաւարեանի, Ռոստոմի, Ակնունիի, Զարդարեանի եւ հոյլ մը մտքի հսկաներու հետ Դաշնակցութեան Վիեննայի ընդհանուր ժողովին մասնակցելու փառքին արժանի համարուեցաւ:
Պատանեկութիւնը հովւութեամբ անցուց, սակայն իր ծննդավայրը պարփակող գաւառին մէջ յիսունէ աւելի դպրոցներ հիմնեց ինքը:
Դարաւոր ճնշումներու ենթակայ ժողովուրդի մը խոնարհ զաւակն էր Մուրատ, բայց իր առաջին երիտասարդութեան, բռնակալութեան ամէնէն բիրտ օրերուն` տուաւ իր արու խառնուածքին առաջին ապացոյցը, վրան յարձակող առանձնաշնորհեալ թուրքերէն մէկը շանսատակ ընելով:
Ատեն մը Պոլսոյ մէջ թուրքերուն ապրանքը կրող բեռնակիր եղաւ, այլ հոգիին մէջ տարաւ բռնակալութեան ճնշումը կրող ժողովուրդին բովանդակ վիշտը եւ չդիմացաւ, ելաւ ճամբայ, տարագրեց ինքզինք հոս ու հոն, ալեկոծ սրտով շտապեց վշտակիր ուրիշ քաջերու մօտ, որոնց հետ Սասնոյ կռիւներու (1903-1904) ընթացքին մարտական արտակարգ կարողութիւններ ցուցաբերեց, մեծցաւ, ծաւալեցաւ համբաւը:
Սեբաստացի այս գերընտիր զաւկին յեղափոխական գործունէութեան երկրորդ շրջանը, մեր միւս յեղափոխականներուն գործունէութեան պէս, կը սկսի 1915-ի գարնան: Կը վրիպեցնէ իր դէմ նիւթուած դաւը եւ զէն ի ձեռին լեռնէ լեռ թափառելով, կռուելով, ծովեր կտրելով` կը հասնի Պաթում, անկէ` Երզնկա, միշտ զէն ի ձեռին, միշտ թուրքին դէմ, նահատակներուն վրէժը լուծելու նոր տարերքով մը լեցուած, մնացորդացը փրկելու աճապարանքի մը անձնատուր:
Կովկասեան ճակատին վրայ, գրոհի թէ նահանջի ատեն, Մուրատ իր արութեամբ եւ իմաստութեամբ կը գերազանցէ ինքզինք` լայն չափի մը վրայ գործի դնելով թուրք մը պակսեցնելու եւ հայ մը փրկելու իր երկու կիրքերը:
Երզնկայի գրաւումէն ետք ո՞վ կրնայ մոռնալ հոն ծաւալած Մուրատի հրաշալի գործունէութիւնը:
Ո՞վ կրնայ մոռնալ մանաւանդ անոր «Մէկ հայ մէկ ոսկի» կարգախօսը, եւ ո՞վ երախտապարտ չէ այս բոլորանուէր քաջին, որ նահանջի օրերուն, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ Երզնկայէն մինչեւ Կարս հազարաւոր բազմութիւններ առաջնորդեց, փրկեց, ուրիշներու պէս, ուրիշներու հետ:
Մուրատի յեղափոխական վերջին գործը Հայաստանի մանուկ հանրապետութեան եւ ամբողջ Կովկասին սպառնացող վտանգը դիմագրաւելու կամքն էր` Ռոստոմի եւ այլոց քաղաքական հեռատեսութեամբ Պաքուն պաշտպանելու այն մեծ սխրագործութիւնը, որուն ընթացքին ինկաւ նահատակ, «Պաքուի ժայռոտ լերան կրծքին», ինչպէս կ՛ըսէ իր փառքը հիւսող ժողովրդական երգը:
Յեղափոխութիւն, յեղափոխական:
Յեղափոխութեան իմաստը սրբապղծած կ՛ըլլանք անպայման եւ յեղափոխականին արժանիքներուն, խորքին, խորհուրդին` հայհոյած, եթէ զէնքերու թնդիւն մը կապենք յեղափոխութեան եւ ամէն յեղափոխականի ձեռք ուզենք սուր մը տեսնել: Յեղափոխութիւնը ուժերու բախում մը չ՛ենթադրեր միշտ, եւ յեղափոխականը սուրը մէջքին կապած կամ գրիչը արիւնին մէջ թաթխող մարդը չէ միայն: Պայծառատեսութեամբ կատարուած ամէն գործ, անծանօթ կամ անտեսուած գեղեցկութիւններուն մղում տուող ամէն ժեսթ մաս կը կազմէ յեղափոխութեան աւանդին, յեղափոխութեան: Այս առումով, ամբողջական յեղափոխական մըն էր Սեբաստացի Մուրատ, խոյանքը, խոհը, բախտորոշ պահը ըմբռնելու եւ վճռական նախաձեռնութիւններու ընդունակութիւններով օժտուած վահագնեան այս տիպարը:
Կրկին յիշեցէք «Մէկ հայ մէկ ոսկի» իր պատմական ու սրբազան «առուտուրը», ու եթէ կրնաք, զսպեցէք ձեր յուզումը, ա՛յն յորդումը, որ քաղցրութեամբ կը թաւալի ու կը հանդերձէ մեծ դէմքերը, կը շաղկապէ մարդս մեծերուն, մեծութիւններուն հետ:
Մուրատի ոսկիներով քիւրտերու առեւանգած, արգելափակած հայերէն հազարաւորներ վերադարձան փարախ, եւ հետագային մաս կազմեցին նահանջող ա՛յն բազմութիւններուն, որոնք հասան Արարատեան աշխարհը, մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին, հայութեան, Հայաստանի վերականգնումին:
Հայ մարդուն ներաշխարհէն քանի մը գիծ մարմնաւորած ընտիրներէն է Սեբաստացի Մուրատը, Հայաստանի փառքերէն մէկը:
Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ
Ակնարկ
Մերժումը
Ամէն կողմ` նոյն հարցումը:
Ի՞նչ կ՛ուզեն Ֆրանսայի ուսանողները:
Միայն Ֆրանսայի՞:
Հապա՞ Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Պրազիլի, Չեխոսլովաքիոյ, Լեհաստանի, վաղը` այլ երկիրներու:
Ի՞նչ կ՛ուզեն: Գուցէ դժուար ըլլայ պատասխանել այս հարցումին:
Ի՞նչ չեն ուզեր. աւելի յստակ է:
Դժգոհ են: Դժգոհ են աշխարհի ներկայ կարգուսարքէն: Դժգոհ` սուտի եւ կեղծիքի այն աշխարհէն, որ դասակարգ մը մարդիկ ստեղծած են յաւերժացնելու համար իրենց տիրապետութիւնը: Դժգոհ` ընկերային սեղմումներէն:
Մէկ խօսքով, համատարած դժգոհութիւն, որ այսօր կ՛արտայայտուի բուռն եղանակներով, վարչակարգեր տապալելու, յեղափոխութիւններ պայթեցնելու սպառնալիքով:
Զսպումի բոլոր միջոցները անօգուտ են: Ֆրանսական կառավարութիւնը դառնօրէն հաստատեց այս իրողութիւնը, երբ ապահովութեան ուժերը բախեցան զայրացած ուսանողներուն:
Սխալ պիտի ըլլար քաղաքական գոյն տալ դէպքերուն: Մերժումի մը արտայայտութիւնն են Փարիզի խռովութիւնները: Առաջին եւ Երկրորդ Աշխարհամարտերէն ետք հաստատուած ընկերութիւնը կը մերժուի:
Կը մերժուի հաւասարապէս թէ՛ Մարքսի ընկերվարութիւնը եւ թէ դրամատիրականը: Առաջինը քաղքենիացած է, երկրորդը քաղքենիութիւնն իսկ է: Երկուքն ալ հաւասարապէս անընդունելի` երիտասարդութեան մը համար, որուն հոգին պարպուած է, որ պատրանքներ չունի այլեւս, «կ՛ըմբոստանայ, ինչպէս կ՛ըսէ Տուչքէ, ըմբոստութեան սիրոյն»:
Պիտի անցնի՞ այս ալիքը: Հաւանաբա՛ր: Բայց ահազանգը հնչած է: Ընկերային կարգերու խախտում մը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ: Ուժեր, որոնք այսօր տակաւին մութին մէջ կը գործեն, կրնան շահագործել ուսանողներու զայրոյթը:
Այդ զայրոյթին մէջ երիտասարդութիւնը նոր հորիզոններու տենդը կ՛ապրի:
Ժամանակը հնչած է: Պէտք է այժմէն իսկ նետել հիմերը քաղաքակրթութեան մը, որ համապատասխանէ դարուս պահանջներուն:
Կարելի չէ այսօր համալսարաններու մէջ մարդ պատրաստել 19-րդ դարու մտայնութեամբ:
Տ. Ո.