Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու. «Փաշինեան Կը Խեղաթիւրէ Միջազգային Իրաւունքի Սկզբունքները»

May 12, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական կողմը հետեւողականօրէն կը շրջանցէ եւ ընդհանրապէս չի յիշատակեր 1994-ին Պուտափեշտի մէջ կայացած ԵԱՀԿ-ի վեհաժողովին արդիւնքները, ըստ որոնց, Արցախ ճանչցուած էր իբրեւ տագնապի կողմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Շարունակելով յամառիլ այդ կեցուածքին վրայ` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ վերջերս պնդեց, որ Արցախի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի լիարժէք մասնակցութեան մասին Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը կը խեղաթիւրէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները եւ կը հակասէ ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի փաստաթուղթերուն:

Ան միաժամանակ ընդգծեց, որ Պաքու «պատրաստ է շարունակելու առարկայական բանակցութիւնները` առկայ օրակարգին հիման վրայ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, տագնապի շուտափոյթ լուծման համար»:

9 մայիսին Ստեփանակերտ այցելած վարչապետ Փաշինեան ըսած էր, թէ պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները Ազրպէյճանի նախագահին եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ` միաժամանակ նշելով սակայն, որ Արցախ եւս պէտք է բանակցութիւններուն լիարժէք կողմ հանդիսանայ:

Սակայն, Հաճիեւ Արցախին տագնապի կողմ ըլլալու գաղափարին դէմ արտայայտուեցաւ` պնդելով, որ Հելսինքիի մէջ 1992-ին տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդին որոշումով` տագնապի կողմ ճանչցուած են միայն Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, իսկ Արցախի հայկական եւ ազրպէյճանական համայնքները ճանչցուած են իբրեւ շահագրգիռ կողմեր: Ան նաեւ յիշատակեց ՄԱԿ-ի բանաձեւերը` զանոնք ներկայացնելով զուտ Պաքուի տեսանկիւնէն եւ այնպիսի մեկնաբանութիւններով, որոնք շարունակաբար հերքուած են հայկական կողմէն:

Հաճիեւ նաեւ կրկնեց Պաքուի յայտնի դիրքորոշումը, ըստ որուն, Արցախի հայերը միայն «ներքին ինքնորոշման իրաւունք ունին` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»` միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ «Հայաստանի քաղաքական նոր ղեկավարութիւնը չի կրկներ իր նախորդներուն սխալները եւ դիւանագիտական առողջ քաղաքականութիւն կը վարէ` ձգտելով քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ հաստատել դրացի երկիրներու հետ»:

Աւելի ուշ, այլ մեկնաբանութեամբ մը հանդէս եկաւ նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը` ըսելով, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը արդէն հաստատուած է ԵԱՀԿ-ի կողմէ, եւ այդ բանակցութիւններուն կողմերը Հայաստանն ու Ազրպէյճանն են, իսկ միջնորդները` Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան:

«Մենք կը հաւատանք, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին այդ ձեւաչափով, եւ քննարկուելիք հիմնական հարցերը պիտի վերաբերին տարածքներու շուտափոյթ ազատագրման», աւելցուց Խալաֆով` բանակցութեանց ձեւաչափը փոխելու փորձերը «ոչ իրատես» եւ «անհեթեթ» որակելով:

Յիշեցնենք, որ Արցախ դադրեցաւ հանդէս գալ իբրեւ բանակցող կողմ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնավարութեան օրերուն:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Փայլանի` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Պահանջով Օրինագիծը

Յաջորդը

Գարեգին Չուգասզեան Ազատ Արձակուեցաւ

RelatedPosts

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի  Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց  «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը

October 6, 2026
Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի  Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք
Հայկական

Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք

October 6, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.