11 մայիսին փոխուած է Հիմնադիր խորհրդարանի առաջնորդներէն Գարեգին Չուքասզեանի նկատմամբ կիրարկուած խափանման միջոցը:
Արդարեւ, զայն ազատ արձակելու միջնորդութեամբ դիմած էին «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արարատ Միրզոյեանն ու Լենա Նազարեանը` անձնապէս երաշխաւորելով, որ ազատութեան մէջ Չուգասզեան պիտի դրսեւորէ պատշաճ վարքագիծ եւ չխուսափի քրէական վարոյթը կատարող մարմին ներկայանալէ: