Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտի Ճանապարհներ. Մատթէոս Զարիֆեանի Գեղեցիկ Յուշարձանով Գերեզմանը

Մայիս 11, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Պելկրատ (նախկին Եուկոսլաւիոյ մայրաքաղաք) մանկանց պատուաստներ արտադրող գործարան այցելող բժշկական մեր կազմին երկրորդ օրուան աւարտին, ճաշի ընթացքին երկրիս դեսպանատունը   չորս անդամներուս հեռաձայնով կը տեղեկացնէր առողջապահութեան նախարարին հապճեպ վերադարձի ընդհանուր հրահանգը` դրացի երկրին հետ պատերազմ յայտարարուելուն պատճառով: Այդպէս, նոյն օրուան կէս գիշերին ինքնաթիռով ճամբորդեցինք Պոլիս, ուր հիւպատոսարանի անձնակազմը մեր ճամբան շարունակելու համար յաջողած էր մեզի ինքնաթիռի մէջ տեղ ապահովել: Առ այդ, յատուկ կարգադրութեամբ բժիշկներուս արտօնուեցաւ մինչեւ կէսօր ազատ շրջագայիլ քաղաքին մէջ:

Ընկերներս չկատարած գնումներու համար շուկաները դիմեցին, իսկ ես առանց այլեւայլի` ընտրեցի կրկին այցելել տարիներ առաջ այցելած Սկիւտարի գերեզմանատունը, ուր մեր վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանին գեղեցիկ յուշարձանով գերեզմանը կայ Պետրոս Դուրեանի շիրիմին մերձաւորութեամբ: Խորհրդաւոր այդ պահուն

մտաբերեցի անոր ստեղծագործած բառակապակցութիւնները` «Հոգիս այսօր մութ կապո՜յտ է ծովուն պէս», «Ո՛չ մէկ ուռի ճամբուս վրայ ամայի», «Քանի՜ կ՛աճի ցաւը մարմնիս», «Մոմս տակաւ կը մարի»:

Զարիֆեանի կարճատեւ անցքը մեր գրականութեան անդաստանի մէջ մեծ ցանք ու արժանի յաւերժութիւն ունի: Անոր բանաստեղծութիւնները ինծի համար պարզ ու հաղորդական են թէ՛ իրենց լեզուով ու ոճով, թէ՛ խոհամիտ ու գունաւոր գիւտերով:  Անոնք սիրոյ, քնքշանքի, կեանքին փարման, բնութեան պաշտամունքի եւ մարդկայնութեան  էապէս իւրայատուկ յուզաշխարհ մը կը բանան:

Զարիֆեանի յուշարձանին քով նկարուելու ժամանակ վերյիշեցի Յակոբ Օշականին հետեւեալ խօսքը` անոր մասին. «Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ այդ սիրտը բացուած գերեզմանի մը պէս կը ճնշէ վրաս, եւ անոր եզերքը նայելու համար մարդ բուռվար կը փնտռէ»:

Ու կը հեռանամ տարաբախտ բանաստեղծի գերեզմանին քովէն` յուզուած, լուռ մրմնջելով.

«Ցաւիս խորերէն, տե՛ս, ճակատագի՛ր,

Անսահման ծիծաղ մ՛ունիմ քեզի դէմ»…

 

 

Նախորդը

Աշակերտներու Այցելութիւն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Յաջորդը

Շնչադադար-Շնչականգառ Respiratory Arrest

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?