
Վրացական «Փիրվելի» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայս իր յուշերուն մէջ գրած է, որ 2008-ի օգոստոսին Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի պատերազմ սկսելու հարցին մէջ թոյլ տուած է, որ Ռուսիա զինք խաղի բերէ:
Ռայս կը նկարագրէ ռուս-վրացական պատերազմէն առաջ իր հանդիպումը Սահակաշվիլիի հետ. «Ան հպարտ է եւ առանց ծրագրաւորումի գործող, ան հրաշալի կերպով կրցաւ տագնապ դաւադրել Վրաստանի շրջանին մէջ` Աճարիոյ մէջ, ուր օգուտ քաղեց, երբ ներքին եւ միջազգային ճնշումով տեղի ունեցաւ այդ շրջանի Վրաստանին վերահամարկումը: Մենք կը վախնայինք, որ այս նախադէպը Սահակաշվիլիի համար մտածումի առարկայ պիտի հանդիսանայ եւ ան պիտի ձգտի նոյնը կատարել Փութինին սիրելի Սոչիի մօտ գտնուող շրջանին դէմ», կը գրէ Ռայս:
Ան նաեւ կը նշէ, որ Սահակաշվիլիին կոչ ուղղած է Ռուսիոյ հետ ուժ չկիրարկելու վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրելու, սակայն Վրաստանի նախագահը այդ քայլին չէ դիմած: «Պարոն նախագահ, ինչ ալ ընէք, սակայն թոյլ մի՛ տաք Ռուսիոյ ձեզ խաղի բերել: Կը յիշէ՞ք, երբ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ ըսաւ, որ Ռուսիա պիտի ձգտի, որ դուք ընէք որոշ անհեթեթութիւններ: Ոչ մէկ պարագայի Ռուսիոյ բանակին դէմ ելէք, ոչ ոք պիտի գայ ձեզի օգնելու եւ դուք պիտի պարտուիք», գրած է ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ հակառակ Վրաստանի միակողմանի զինադադարի իրողութեան, Հարաւային Օսեթիոյ ամբոխները կը շարունակէին պայթեցնել վրացական գիւղերը, եւ ի պատասխան ատոր, վրացական ուժերը սկսան իրենց զինուորական յարձակումին:
Ռայս իր յուշագիրին մէջ կը յիշէ նաեւ իր եւ Սահակաշվիլիի տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսը եւ կը գրէ, որ ան Սահակաշվիլիին խորհուրդ տուած է եւրոպացիներուն ու ամերիկացիներուն շնորհակալութիւն յայտնել, վրացի ժողովուրդին ականջին խրախուսական խօսքեր հնչեցնել, իսկ Ռուսիոյ վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները իրեն ձգել:
«Ասուլիսը ծանր սկսաւ: Սահակաշվիլի փայլուն անգլերէն կը խօսէր, գիտէի, որ ատիկա խնդիր չէր կրնար ըլլալ: Յանկարծ անոր ոճը յարձակողապաշտ դարձաւ, ան ռուսերուն սկսաւ բարբարոսներ անուանել եւ անոնց կոչ կ՛ուղղէր հրասայլերը հեռացնելու իրենց տարածքէն: Ես կը սպասէի, որ ան Ռուսիոյ նկատմամբ նման խօսքեր չըսէ, սակայն յետոյ ան անցաւ եւրոպացիներուն: Ես այնպէս բարկացայ Սահակաշվիլիի վրայ, որ նոյնիսկ չէի կրնար խօսիլ», գրած է Ռայս:


