Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԴԻՒՐԻՆ ՀԱՅԵՐԷՆ» ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ Գ. ԳԻՐՔԸ. «ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԱՐԿԱՉ». ՀԵՂԻՆԱԿ` ԱՂԱՒՆԻ ՖՍՏԸԳՃԵԱՆ

November 18, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հայոց լեզուի ուսուցման վերաբերեալ արդիական-պատկերազարդ դասագիրքերու պահանջին մասին երկար տարիներ անդրադարձած էր մեր մամուլը: Մանկավարժական համագումարներու կամ սեմինարներու ընթացքին շատ արծարծուած է այս կենսական հարցը: Վերջին տարիներուն ընթացք առած հայերէն դասագիրքերու բարելաւուած ու օրուան պահանջը գոհացնող դասագիրքեր ունեցանք:

Ներկայիս ուրախութեամբ կ՛ուզենք անդրադառնալ մանկավարժ Աղաւնի Ֆստըգճեանի պատրաստած դասագիրքերուն` նախակրթարանի Բ. Գ. եւ Դ. դասարաններու յատուկ: Այս պատասխանատու նախաձեռնութիւնը ստանձնած մանկավարժ հեղինակը յաջողած է շնորհիւ իր նախանձախնդիր եւ մանկավարժ դասատուի տարիներու փորձառութեան: Այս տեսակի ու ձեւի դասագիրքի մը պատրաստութիւնը, անշուշտ, կը կարօտէր կարեւոր պիւտճէի: Շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի պատասխանատու տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի օժանդակութեան` կարելի եղած է լոյս ընծայել այս հիանալի հրատարակութիւնը` պատկերազարդ, գեղատիպ 144 էջերով: Նկարազարդումները ստեղծագործութիւններն են հալէպահայ արուեստագէտներ Վիգէն Պերթիզլեանի եւ Բենիամին Միշոյեանի: Գիրքը խմբագրած է Կարօ Առաքելեան:

Նախակրթարանի Դ. կարգին յատկացուած ներկայ դասագիրքին գլխաւոր թեման հայոց պատմութեան հիմքը կազմած հայոց լեզուի կերտիչ-հնարիչ Թարգմանչաց սերունդ է, հայոց պատմահայր Մովսէս Խորենացիի կենսագրութեամբ եւ անոր ստեղծած հայոց պատմութեան գիտելիքները փոխանցող: «Մեր թարգմանիչները» բաժինով կը ծանօթանանք Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր այբուբենի ստեղծագործման հրաշքին: Գիւտին տարածման եւ թարգմանչական գործընթացին մասնակից մեր վարդապետները ներկայացուած են նկարազարդ էջերով, յարակից հակիրճ պատմութիւններով: Կը շարունակուին դրուագները միշտ ազգային ու հայրենասիրական թեմաներով` մշակուած գրական փոքր բաժիններով, աշակերտին տարիքային կարողութեան համընթաց գրուածքով: Սա ինքնին նախանձախնդիր աշխատանք է` քրտնաջան երկարատեւ տրամադրութեամբ իրագործուած, խնամքով կիրարկուած դասագիրք: Գիրքին երկրորդ եւ վերջին մասերուն կը ծանօթանանք կենցաղային դրուագներու, առօրեայ քաղաքացիական պարտականութիւններու վերաբերեալ դասաւորուած գրութիւններով, նկարներով եւ նշաններով:

Առատ նիւթերով օժտուած այս դասագիրքը ընդգրկած ուսուցիչը կրնայ, ըստ իր իմացութեան եւ հետաքրքրութեան, ներկայացնել նիւթը տարուան դասապահերուն: Աղաւնի Ֆստըգճեան զանց չէ ըրած որեւէ օգտաշատ գիտելիք` հայ ազգի պատմութեան, մեր հայրենի բնաշխարհին, աշխարհագրական ծանօթագրութեան:

Ուսանելի է նաեւ իւրաքանչիւր դասի կամ պատմութեան վերաբերեալ բառերու բացատրութիւնը:

«Հայրենի կարկաչ» գիրքին կ՛ընկերանայ տետրակ մը` գրաւոր պարտականութեան աշխատանքի յատուկ, որ կ՛առնչուի մասնաւորաբար հայոց լեզուի քերականութեան ուսուցման:

Կարելի է կարկինը լայն բանալ եւ խօսիլ այս դասագիրքին ընծայած մանկավարժական օրինապահութեան եւ ուսուցման դիւրութեան մասին: Կը բաւականանք մեր հակիրճ ծանօթագրութեամբ` մեր երիտասարդ մայրերուն ձգելով իրենց թարմատի աշակերտներուն ընկերանալ ու միասնաբար հետեւիլ դասերուն, որովհետեւ ծնողներն ալ կրնան թարմացնել իրենց մոռցած գիտելիքները եւ աշխուժանալ իրենց մանկութեան յիշատակներով:

Շնորհակալութիւն` մանկավարժ եւ հեղինակ Աղաւնի Ֆստըգճեանին, իրագործած այս յոյժ կենսական աշխատանքին համար: Ան նոյն եռանդով պիտի շարունակէ յառաջիկայ տարիներուն պատրաստել նախակրթարանի վերի կարգերուն դասագիրքերը:

 


Նախորդը

«ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐԸ` ԿՐԹԱԿԱՆ ՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՄՇԱԿՆԵՐԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՀՈՂԻՆ ՎՐԱՅ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ)

Յաջորդը

ԻՐ ՅՈՒՇԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՌՈՒՍ-ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ` «ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻԻ ՎՐԱՅ ԱՅՆՔԱՆ ԲԱՐԿԱՑԱՅ, ՈՐ ՄԻՆՉԵՒ ԻՍԿ ՉԷԻ ԿՐՆԱՐ ԽՕՍԻԼ» ԿԸ ԳՐԷ ՔՈՆՏՈԼԻԶԱ ՌԱՅՍ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։