Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցիի Դէմ Յարձակումին Հեղինակը Ձերբակալուած Է

Մայիս 3, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ Քատըքէօյ (պատմական Քաղկեդոն) շրջանի հայկական Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ պարիսպին վրայ ցեղապաշտական բնոյթի գրառումին հեղինակը ձերբակալուած է: «Ակունք» կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին հաղորդած է «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը:

Աղբիւրին համաձայն, Քատըքէօյ շրջանի իրաւապահ մարմինները, անվտանգութեան տեսախցիկի արձանագրած տեսագրութիւնը դիտելէ ետք, բացայայտած են եկեղեցւոյ պատին գրառում կատարած անձին ինքնութիւնը, հետապնդած են զինք եւ ձերբակալած:

Հետաքննութեան հիման վրայ ի յայտ եկած է, որ կասկածելին «հոգեբանական խնդիրներ ունի եւ նախապէս 2 անգամ անձնասպանութեան փորձ կատարած է»: Տուեալ դէպքին առնչութեամբ բացայայտուած է, որ կասկածելին յանցագործութենէն ետք պահուըտած է լքուած շէնքի մը տանիքը եւ անջատած հեռախօսը, որպէսզի զինք չկարենան գտնել:

Կասկածելին իր խոստովանութեան մէջ նշած է, թէ «առանձին գործած է, եւ իբրեւ թէ եկեղեցւոյ աշխատակիցները իրեն հետ վատ վերաբերում ունեցած են»:

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը «Ցաւ Զգացած Է»

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու երկուշաբթի, 30 ապրիլի երեկոյեան ժամերուն կապ հաստատեց Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ: Ան անդրադարձաւ այն անախորժ դէպքին, որ նոյն օրը առաւօտեան տեղի ունեցած էր Քատըգիւղի (Քատըքէօ) մէջ, երբ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ գլխաւոր դրան առջեւ հսկայ աղբակոյտ մը լեցուած էր եւ կողքի պատին վրայ կար ազգայնապաշտ գրութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մարմարա»-ն:

Նախարարը ըսաւ, թէ ցաւ զգացած էր պատահարէն, եւ հակառակ անոր որ արտասահման կը գտնուէր, մօտէն հետաքրքրուած էր անով. արդէն իսկ ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր ենթական, որ անհաւասարակշիռ անձ մըն էր եւ ունէր մտային խանգարումներ: Ան աւելցուցած է նաեւ, թէ ցաւ պիտի զգայ, եթէ այդ պատահարը ոմանց կողմէ ընկալուի իբրեւ քաղաքական պատահար:

Քատըգիւղի Գաւառապետը Ս. Թագաւոր Եկեղեցի Այցելեց

Քատըգիւղի գաւառապետ Մուսթաֆա Էօզարսլան 30 ապրիլի երեկոյեան այցելեց Քատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին եւ հանդիպում ունեցաւ թաղական խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի հետ: Գաւառապետը հետաքրքրուեցաւ վերջին անհաճոյ դէպքով եւ տեղեկութիւններ ստացաւ կատարուած հետաքննութիւններուն առնչութեամբ: Արման Պիւքիւճեան շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ ապահովութեան պաշտօնեաներուն ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ մանաւանդ դէպքի լուսաբանման վերաբերեալ տարուած աշխատանքին համար:

Գաւառապետը տեղւոյն վրայ հեռաձայնային կապ հաստատեց ներքին գործոց նախարար Սոյլուի հետ, որ ցաւ յայտնեց դէպքին առնչութեամբ եւ հաւաստիացուց, որ պետական իշխանութիւնները աչալրջութեամբ կը հսկեն, եւ պէտք եղած հետաքննութիւնները մանրամասնութեամբ ու զգայնութեամբ կը կատարուին:

Գաւառապետը նաեւ կապ հաստատեց Պոլսոյ կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ, որ իր կարգին ցաւ յայտնեց եւ «անցած ըլլայ» ըսաւ եկեղեցւոյ վարչութեան ու եկեղեցւոյ համայնքին:

Ատենապետ Պիւքիւճեան, յանուն թաղական խորհուրդին եւ եկեղեցւոյ համայնքին` երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն ցուցաբերած ջերմ հետաքրքրութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:

Հայկօ Պաղտատ. «Հայկական Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակիլը
Սովորական Դարձած Է»

«Էրմենիհապեր» լրատու կայքը կը հաղորդէ, թէ հայազգի լրագրող Հայկօ Պաղտատ արձագանգած է Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումին` հետեւեալը գրելով. «Ընտրութիւններու նախօրեակին հայկական եկեղեցւոյ մը վրայ յարձակիլը սովորական երեւոյթ է: Որոշ անձեր նման յարձակումներ «Էրկենեքոն»-ին կամ իսլամ ծայրայեղականներու կամ արտաքին ուժերու կը վերագրեն, բայց նման յարձակումներ միշտ տեղի կ՛ունենան»:

 

Նախորդը

Մերժելով Առեւտրական Պատերազմը. Թրամփ Յետաձգած Է Դաշնակիցներու Համար Մետաղներու Ներածման Բազմամիլիառանոց Մաքսատուրքերու Սահմանումը

Յաջորդը

Հայաստանի Քաղաքական Ճգնաժամը` Հանգուցալուծման Ճամբուն Վրայ. Հանրապետական Խմբակցութիւնը Պիտի Սատարէ Պատգամաւորներու Մէկ Երրորդին Կողմէ Առաջադրուած Վարչապետի Թեկնածուին

RelatedPosts

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»
Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Վերջնական Կարգաւորման Շատ Մօտ Են. Կը Կարծեմ` Երկուքն Ալ Կրնան Աբրահամեան Խաղաղութեան Համաձայնագիրներուն Միանալ»

Մայիս 15, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?