Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ի գործ դրած աշխատանքները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց լիբանանեան բանակին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը եւ զօր. Պերիին յայտնեց, որ այդ գործակցութիւնը կ՛ամրապնդէ սահմանային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, մինչ Իսրայէլ միշտ կը շարունակէ ոտնձգութիւններ գործել Լիբանանի դէմ եւ խախտել երկրին գերիշխանութիւնը:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ սահմանին վրայ կառուցուող քարէ պատնէշը, որովետեւ իրականութեան մէջ ան լիբանանեան հողերու վրայ կը կառուցուի:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի, իսրայէլեան ուժերու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն բաղկացած զինուորական եռակողմանի յանձնախումբը դարձեալ պիտի քննարկէ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տարակարծութիւն պատճառող 13 կէտերուն հարցը:
Ան ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն միջեւ սովորական յարաբերութիւնները պահպանելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա կը դիւրացնէ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին` առանց փոփոխութեան ենթարկելու անոնց առաքելութիւնը կամ նուազեցնելու անոնց յատկացուած պիւտճէն, որպէսզի անիկա ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն չունենայ:
 
			


