Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տուպայի Ցուցահանդէսին Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Ստացաւ Լաւագոյն Տաղաւարի Մրցանակը» Յայտարարեց Նախարար Կիտանեան

May 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ Տուպայի մէջ տեղի ունեցած զբօսաշրջական ցուցահանդէսին ընթացքին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ստացաւ լաւագոյն տաղաւարի մրցանակը:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր, Զբօսաշրջական սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ճամբորդական, զբօսաշրջական եւ պանդոկներու գրասենեակներու ներկայացուցիչներ:

Սարտուք ողջունեց ներկաները` հաստատելով, որ ինք հպարտ կը զգայ այդ մրցանակով, որովհետեւ հակառակ իր ելեւմտական եւ տնտեսական համեստ պայմաններուն, նախարարութիւնը կրցած է այդ մրցանակին արժանանալ նախարար Կիտանեանի իմաստութեամբ, անոր ցուցմունքներով եւ այդ ծրագիրը յաջողցնելու անոր վստահութեամբ:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց զբօսաշրջութեան մարզի բոլոր հեղինակութիւններուն եւ անոնց գործակցութեան համար: Ան նշեց, որ նախարարութիւնը նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ զբօսաշրջական միջազգային որեւէ ցուցահանդէսի մասնակցելու պարագային:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ մրցանակը տրուեցաւ այն տաղաւարին, որ յարգած էր գրաւիչ ըլլալու չափանիշները, զարդարուած էր ստեղծագործ կերպով եւ իրեն տրուած տարածքը լաւագոյն կերպով օգտագործած էր կարելի եղածին չափ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը գրաւելու:

«Անցեալ տարի խոստացանք, որ 2017-ն պիտի ըլլայ զբօսաշրջական իմաստով լաւագոյն տարին, սակայն այդ իմաստով պայմանները աննպաստ էին: Յոյսով ենք, որ այս տարի զբօսաշրջութեան զարգացումը արգելակող խոչընդոտներ պիտի չստեղծուին` շնորհիւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերուն, որոնք կը վերաբերէին Ծոցի երկիրներու բնակիչներուն ուղեւորութեան արգելքները չէզոքացնելու», ըսաւ նախարար Կիտանեան` աւելցնելով նաեւ, որ կը սպասուի մեծ թիւով եւրոպացի զբօսաշրջիկներու այցելութիւնը Լիբանան:

«Կը մաղթենք, որ այս տարի ըլլայ իւրայատուկ տարի մը, այն համոզումով, որ յաջողելու պարագային անիկա պիտի ըլլայ բոլորիս յաջողութիւնը, իսկ ձախողելու պարագային` նոյնպէս», եզրափակեց Ա. Կիտանեան:

Նախորդը

Մայիս 1. Աշխատաւորի Ազատագրման Օր Ու Նահանջի Դէմ Պատերազմ

Յաջորդը

«Լիբանան Կը Զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.