Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայութեան Զօրակցական Կեցուածքներ Եւ Լիբանանեան Մամուլին Ու Լրատուամիջոցներուն Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ոգեկոչումներուն

April 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի 24 ապրիլին հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հայ ժողովուրդը հալածուած եւ անիրաւուած ժողովուրդներուն իտէալն է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ծունկի եկող ժողովուրդ մը չէ:

«Հայ երիտասարդները սպաննուեցան, հայ ժողովուրդը իր հողերէն զրկուեցաւ` բռնագաղթի ենթարկուելով, սակայն ան կրցաւ պահել իր ինքնութիւնը, գոյացութիւնը, լեզուն, աւանդութիւնները եւ հայկական ոգին: Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ թէ այլուր, հայը դարձաւ ազնուականութեան, քաղաքակրթութեան, զարգացումի ու եղբայրութեան խորհրդանիշը եւ լաւագոյն օրինակը: Հայ ժողովուրդը իր ներդրումը ունեցաւ ամրապնդելու ազգային միասնականութիւնը եւ ստեղծելու ուխտ մը, որ հիմնուած է արժանապատուութեան, իրաւունքի եւ հաւասարութեան վրայ:

Այսօր մենք կը յիշենք մեր հայ նահատակները, եւ կ՛ըսենք, որ անոնց թափած արիւնը բարձր պահած է մարդկային խիղճին արժէքը եւ այս ժողովուրդին դիմաց բացած է պատմութեան հպարտալի դարպասը», նշեց ան:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ամէն տարուան նման իրենք լիբանանահայութեան հետ միասնաբար կը վառեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի եւ իրականութեան ջահը:

Քանաան ողջունեց հայ ժողովուրդը, որ իբրեւ օրինակելի տիպար կը ներկայանայ, հակառակ անոր որ զայն սպաննեցին, հալածեցին, սակայն ան մնաց միասնական եւ հաւատարիմ` իր պատմութեան եւ ինքնութեան:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով շեշտեց, որ իրենք կը յիշեն հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքը եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ անոր դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը:

Ապու Զէյտ աւելցուց նաեւ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը սպաննած է նաեւ Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը եւ կախաղան բարձրացուցած ազատականները, «բայց եւ այնպէս պատմութիւնը ի նպաստ իրաւունքին յաղթանակ պիտի արձանագրէ», ըսաւ ան:

Մեթնի թեկնածուներէն Սարգիս Սարգիս շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան առիթով իրենք կ՛ողջունեն պայքարող լիբանանահայութիւնը:

Սարգիս շեշտեց, որ յիշողութիւնը պէտք է միշտ վառ պահել` արգիլելու համար մոռացութիւնը: Ան անհրաժեշտ նկատեց Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան անկեղծ ճանաչումը:

Սարգիս մաղթեց, որ մարդիկ հայ ժողովուրդէն սորվին անիրաւութիւնը տապալել ազատութեամբ, իսկ ցաւին յաղթել` սիրելով ուրիշը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած` Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Յակոբ Թերզեան Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով «Քալիմա օնլայն» կայքին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ 24 ապրիլը առիթ մը չէ, որ իրենք յիշեն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները, որովհետեւ անոնք իրենց նախահայրերն են եւ անոնց արիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ կը խայտայ իրենց երակներուն մէջ:

Յ. Թերզեան շեշտեց, որ այս առիթով կը փափաքի յիշեցնել, որ մարդկութեան դէմ գործուած այս առաջին հաւաքական սպանութեան ի տես լուռ մնալը հիմնական պատճառն է այլ ցեղասպանութիւններու եւ տարբեր ժողովուրդներու դէմ սպանդներու շարունակութեան:

«Մեր իրաւունքները վերստանալու համար այսօրուան պայքարը անիրաւութեան եւ անիրաւողին դէմ մղուած մարդկութեան պայքարն է», ըսաւ Յ. Թերզեան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց հայ ժողովուրդին ինքնութիւնն ու պատմութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:

Ան նշեց, որ Լիբանան պէտք է ապահով երկիր մը ըլլայ հայոց համար` աւելցնելով, որ լիբանանցիները եւս ունին իրենց վէրքերը եւ թրքական շրջափակման ու Օսմանեան կայսրութեան պարտադրած սովի յիշատակները, որոնք իրենց կարգին կը նկատուին ցեղասպանութեան տարբերակ մը: «Օսմանեան կայսրութեան պարտադրած շրջափակումին եւ սովին պատճառով արձանագրուեցան 300 հազար զոհեր, որ լիբանանցիներուն մէկ երրորդ բնակչութիւնն էր: Այս դէպքը բոլոր լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ վառ կը մնայ, հետեւաբար բոլոր լիբանանցիները պէտք է իրարու զօրակցին, որովհետեւ կան հաւատադրժողական այնպիսի խմբաւորումներ, որոնք կրնան ծրագրել հաւաքական սպանդներ եւ ցեղասպանութիւններ», ըսաւ ան:

Սահնաուի անհրաժեշտ նկատեց, որ թրքական պետութիւնը իր կարգին ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` աւելցնելով, որ ինք հպարտ կը զգայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին համար դրոշմաթուղթ հրապարակած է` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնը ստանձնելու ընթացքին:

«Երբ մեր ինքնութիւնը վտանգի ենթակայ կ՛ըլլայ, ապա բոլորս պէտք է համախմբուինք եւ գործենք իբրեւ մէկ մարդ: Լիբանանի մէջ կան մշակութային եւ բնական հարստութիւններ, որոնք պէտք է ցուցադրուին, որպէսզի աշխարհը իմանայ Լիբանանի իւրայատկութեան մասին», շեշտեց Սահնաուի:

Նշենք, որ Նիքոլա Սահնաուի Դիմատետրի ընդմէջէն վերոնշեալ գրառումները կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» թանգարան այցելութենէ ետք:

Մարոնի համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն հաստատեց, որ հայ յարգելի համայնքին կարեւորութիւնը կ՛արտացոլայ անոր պատմութեան եւ յատկապէս Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին անոր դիմագրաւած աղէտին ընդմէջէն, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր` Օսմանեան կայսրութեան սուրին ներքեւ:

Հայ ժողովուրդին փորձառութիւնը նման է Լիբանանի, որ իր կարգին կքեցաւ Օսմանեան կայսրութեան բանեցուցած անիրաւութեան ներքեւ: «Լիբանանցի ժողովուրդը իր կարգին վկայ դարձաւ Կեդրոնական Պէյրութի Պուրճի հրապարակին վրայ իր մտաւորականութեան կախաղան բարձրանալու զազրելի արարքին` ի գին իր ազատութեան պահպանումին: Մեր նահատակներուն հոգիները միախառնուեցան ազատութեան եւ ամբողջ աշխարհին մէջ պատգամ երկիր Լիբանանի առասպելին», շեշտեց ան:

Խազեն շեշտեց, որ պատմութեան տանջալից փորձառութիւնը ապրած լիբանանցին անպայման կ՛ողջունէ հայութեան նահատակներու յիշատակը:

Լիբանանեան օրաթերթերը, լրատու գործակալութիւններն ու կայքերը 24 եւ 25 ապրիլի իրենց թիւերով անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակի նշումին, յատկապէս հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս քայլարշաւ-ջահերթի լուրին եւ երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին:

Հայոց ցեղասպանութեան երթին անդրադարձող լիբանանեան օրաթերթերէն են` «Սատա Պալատ», «Մուսթաքպալ», «Շարք», «Հայաթ», «Տէյլի Սթար», «Տիար» եւ «Պինա», իսկ կայքերը` «Լեպանոն Ֆայլզ» եւ «Նաշրա»,  ինչպէս նաեւ Ազգային լրատու գործակալութիւնը:

 

Նախորդը

Երկու Քորէաներու Ղեկավարներու Պատմական Հանդիպում

Յաջորդը

«Բանակը Երկրին Քաղաքական Տարբեր Ուժերէն Եւ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Թեկնածուներէն Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուի» Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.