ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեզի համար մեծ օր մըն է այս: Եթէ մոռցած էիք մազանքը, կրնաք մտածել այդ մասին եւս: Շրջապատուած էք ուրախ բարեկամներով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ տարեդարձի կամ այլ ուրախ առիթի նուէր մը պիտի գնէք, նկատի առէք նուէրը ստացող անձին նկարագիրը եւ ճաշակը: Ձեր ճաշակը պիտի գնահատուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հոգեկան գոհունակութեամբ պիտի աւարտէք օրը, որովհետեւ ոչ միայն օգտակար եղած էք դուք ձեզի, այլեւ` ձեզմէ տկար անձերու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շուկայի գործեր ունիք, շատ ապրանք կ՛ուզէք գնել, բայց չէք կրնար ամէն ինչ նոյն ատեն գնել: Նախընտրութիւն մը ունեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ըրէք այն, ինչ որ կ՛ուզէք, ձեր շուրջինները պիտի հետեւին ձեզի: Ձեր հեղինակութիւնը հմայիչ պիտի ըլլայ, ուրախացէք ուրեմն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բազմատեսակ աշխատանքներ ունիք, բայց բոլորը միատեղ կարելի չէ կատարել: Դասաւորել գիտցէք նուազ յոգնելու համար: Իմաստութեամբ շարժեցէք ձեր աշխատանքներուն ընթացքին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Զուարճացէք ձեր բարեկամներուն հետ, որովհետեւ օրը ունի լաւ առիթներ: Ձեր ընկերային խառնուածքը պիտի արժեւորուի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ինչ գործի որ ձեռնարկէք, նախ վստահ եղէք, որ արդեօք գիտէ՞ք ձեր ընելիքը: Եթէ չէք գիտեր, դիմեցէք փորձառուներու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ զզուած էք ձեր ապրած խճողուած քաղաքին աղմուկէն կամ իրարանցումէն, շաբաթավերջը օգտագործեցէք, գացէք գիւղական շրջան մը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ձեր ակնկալած գումարը ստանաք, պիտի գնէք ապրանք մը: Անկարելիութեան պարագային, մի՛ սրտնեղիք, համբերեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընդունեցէք երկխօսութեան հրաւէր մը, որպէսզի առաւել զարգանաք: Նման հանդիպումներ մերժելը վնասակար է, հետեւաբար նկատի առէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ըրէք այն, ինչ որ կը փափաքիք, առանց ուրիշին հաշիւ տալու: Այսօր ձեր անձնական ազատ կամքին ընդառաջ գացէք, չէք զղջար: Օրը ձեռնտու է: