Երէկ առաւօտ նախատեսուած վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի եւ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան հիմնադիր Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ բանակցութիւնները չեղեալ նկատուեցան մետասաներորդ պահուն, ինչ որ պատճառ հանդիսացաւ, որ զանգուածային ընդվզումի շարժումները շարունակուին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Մինչ այդ, ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքը երէկ պաշտօնապէս պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրեց վարչապետութեան պաշտօնին համար:
Սակայն հակառակ զանգուածային անհնազանդութիւններու շարունակութեան, անոնց զուգահեռ շարունակուեցան քաղաքական ջանքերը լարուածութիւնը հանդարտեցնելու եւ ներկայ տագնապը սահմանադրութեան տրամադրութեանց ծիրին մէջ լուծելու: Եւ զարմանալի չէր, որ այս առումով հիմնական շահագրգիռ կողմը պիտի ըլլար ՀՅ Դաշնակցութիւնը` մեկնելով այն համոզումէն, որ այս կացութենէն շահաւոր պէտք է ըլլան պետութիւնը եւ ժողովուրդը: Այս մտածողութենէն մեկնելով ալ, երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ան յայտարարեց իր մասնակցութեան դադրեցումը կառավարող համաձայնական դաշինքին (տեսնել` առանձին):
Նիկոլ Փաշինեան – Կարէն Կարապետեան
Հանդիպումը Չկայացաւ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ երէկ առաւօտեան նախատեսուած հանդիպումը չկայացաւ:
Այս գծով յայտարարութիւն հրապարակեց վարչապետը` նշելով, որ ապրիլի 25-ին նախատեսուած հանդիպումը տեղի չունեցաւ, քանի որ Փաշինեանը միակողմանի կերպով առաջադրած է նոր պահանջներ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Ինչպէս գիտէք, 25 ապրիլին պէտք է տեղի ունենար իմ եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը` ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու եւ լուծումներ փնտռելու համար:
Կը տեղեկացնեմ, որ նախապէս յայտարարուած հանդիպումը տեղի չունեցաւ, քանի որ Նիկոլ Փաշինեանը միակողմանի կերպով առաջադրած է նոր պահանջներ, մասնաւորապէս` հանդիպման ձեւաչափի, օրակարգի եւ լուսաբանման առումով: Վերջինիս կողմէ առաջարկուած է մեր կողմէն մասնակցող անձերու ցանկը, ինչպէս նաեւ յայտարարուած, որ պիտի բանակցի բացառապէս իր օրակարգին շուրջ: Ասիկա կը նշանակէ ոչ թէ բանակցութիւն կամ երկխօսութիւն, այլ բացառապէս սեփական տեսակէտը, օրակարգը հնչեցնել` ընդհուպ մինչեւ մեր բանակցողներն իսկ մեր տեղը որոշելով: Ունենալով որոշ փորձառութիւն բանակցութիւններու վարման հարցով` երբեւէ նման ձեւաչափով բանակցութիւններու մասին չեմ լսած:
Մտահոգ ըլլալով ստեղծուած իրավիճակով` իբրեւ գործադիր իշխանութեան ղեկավար, ունենալով պարտաւորութիւն ապահովելու մեր երկրի բնականոն վիճակը, կը դիմեմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին իր նախընտրած ձեւաչափով կազմակերպելու հանդիպում խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու լայն շրջանակներու մասնակցութեամբ` քննարկելու ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակը եւ հնարաւոր հանգուցալուծման ուղիները` ընդհուպ մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացում»:
Կարէն Կարապետեանն Ու Ռուբէն Վարդանեանը
Քննարկած Են Հայաստանի Ներքաղաքական Իրավիճակը
Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան 24 ապրիլին այսօր ընդունած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանը և հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Նուպար Աֆէեանը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին:
Ռուբէն Վարդանեանը եւ Նուպար Աֆէեանը ներկայացուցած են «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի տարբեր ոլորտներուն մէջ իրականացուող ընթացիկ ու յառաջիկայ ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները, որոնց շարքին` «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք ձեռնարկին միջոցառման նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան ընդունած է նաեւ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանը:
Կարէն Կարապետեանը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է ոստիկանութեան համակարգի բոլոր ներկայացուցիչներուն` վերջին օրերուն զանգուածային հաւաքներու, ցոյցերու ու երթերու ընթացքին ցուցաբերած բարձր մասնագիտացումին, հասարակական անվտանգութիւնը պահպանելու, կատարած աշխատանքին եւ հանդուրժողականութեան համար:
Վարչապետի պաշտօնակատարը կարեւոր նկատած է հանրապետութեան մէջ հասարակական կարգի պահպանման, հակաիրաւական ոտնձգութիւններու դէմ պայքարի եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ աշխատանքը:
Վլատիմիր Գասպարեան զեկուցած է, որ հանրապետութեան մէջ իրավիճակը վերահսկելի է` ընդգծելով, որ ոստիկանութիւնը կը շարունակէ բարձր պատասխանատուութեամբ իրականացնել իր առջեւ դրուած խնդիրներու լուծումը:
Բակօ Սահակեանն Ու
Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպած Են
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 ապրիլին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան հիմնադիր Նիկոլ Փաշինեանին հետ:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է վիճայարոյց բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցով ու օրէնքի սահմաններուն մէջ լուծելու եւ երկրին մէջ կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ Կը Յորդորեն Հայաստանին`
Ապահովել Իշխանութեան Խաղաղ Փոխանցումը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւն` յորդորելով ընթանալ երկխօսութեան ճամբով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Յառաջիկայ օրերը պատմական կարելիութիւն կու տան Հայաստանի ժողովուրդին եւ անոր կողմէ ընտրուած ղեկավարներուն, որովհետեւ անոնք կը սկսին նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու հոլովոյթին:
«Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` կառուցողական դիրքորոշում դրսեւորելու Հայաստանի Սահմանադրութեան իրաւական ծիրին մէջ օրէնքի գերակայութեան պայմաններուն մէջ ապահովելու իշխանութեան խաղաղ փոխանցումը:
«Կ՛ակնկալենք սերտօրէն համագործակցիլ նոր կառավարութեան հետ` Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու ծիրին մէջ:
«Իբրեւ Հայաստանի բարեկամ ու գործընկեր` մենք կը յորդորենք հայ ժողովուրդը դիմելու երկխօսութեան` իրենց գերիշխան ապագան ժողովրդավարական եւ խաղաղ ճամբով ձեւաւորելու նպատակով»:
Նշենք, որ նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ մէկ օր առաջ Հայաստանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յայտարարած էր. «Մենք շնորհակալ ենք վարչապետ Սերժ Սարգսեանին երկար տարիներու ծառայութեան ու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ամուր գործընկերութեան մէջ անոր ներդրումին համար: Մենք կ՛ակնկալենք, որ անոր յետնորդը կը յայտարարուի ժողովրդավարական գործընթացով` օրէնքներուն ու Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն համաձայն: Մենք կ՛ակնկալենք սերտ համագործակցութիւն նոր կառավարութեան հետ»:
ԵԽԽՎ Համազեկուցողները Սերժ Սարգսեանի
Քայլը Համարձակ Որակած Են
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի հարցով համազեկուցողներ Ճուզեփփէ Կալաթի (Իտալիա) ու Եուլիա Լովոճքինա (Ուքրանիա) արձագանգած են Երեւանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն: Այս մասին կը յայտնէ ԵԽԽՎ-ի պաշտօնական կայքը:
«Մենք կ՛ողջունենք վարչապետ Սերժ Սարգսեանի համարձակ որոշումը` հրաժարելու պաշտօնէն երկրի մէջ աճող լարուածութիւնը մեղմելու նպատակով: Յոյսով ենք, որ այս բոլորը կը յանգեցնեն նոր եւ կառուցողական երկխօսութեան երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն միջեւ` նպատակ ունենալով գտնել տիրող իրավիճակին վերաբերեալ մնայուն լուծում` համաձայն սահմանադրական համապատասխան դրոյթներու», ըսուած է համազեկուցողներու յայտարարութեան մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ անոնք ընդգծած են, որ խաղաղ ցոյցերու ժամանակ բոլոր բերման ենթարկուածները պէտք է ազատ արձակուին, պէտք է լիակատար յարգանք ցուցաբերուի խաղաղ հաւաքներ իրականացնելու իրաւունքին: Համազեկուցողները մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան հաղորդումներուն առնչութեամբ` այն մասին, որ համացանցի մէջ աւելցած է անհատներու դէմ ատելութեան խօսքն ու անգամ բռնութեան կոչերը` յորդորելով յարգել բոլոր քաղաքացիներուն հիմնարար իրաւունքները:
Ճուզեփփէ Կալաթի ու Եուլիա Լովոճքինա նշած են, որ պիտի շարունակեն հետեւիլ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանն Ու Վլատիմիր Փութինը
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Են
Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Քննարկուած է հայ-ռուսական միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ նշած, որ բոլոր հոլովոյթները պէտք է ընթանան Սահմանադրութեան պահանջներու շրջագիծին մէջ:
«Հարցերը Պէտք Է Լուծուին Սահմանադրութեան Շրջագիծին Մէջ`
Ընդհուպ Մինչեւ Արտահերթ Ընտրութիւններ»
Ընդառաջելով իրեն ուղղուած առաջարկին` 25 ապրիլի ամբողջ օրուան ընթացքին հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խորհրդակցութիւններու շարք մը ունեցած է խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ` քննարկելու համար երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, թէ քննարկումներու ընթացքին բոլոր մասնակիցները համակարծիք եղած են, որ բարձրացուած հարցերը պէտք է լուծուին սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ` ներառելով բոլոր սահմանադրական հոլովոյթները, ընդհուպ մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, անհրաժեշտութեան պարագային մինչ այդ փոփոխութիւններ կատարելով Ընտրական օրէնսգիրքին եւ սահմանադրութեան հետ կապուած օրէնքներուն մէջ:
Պաշտօնաթող Վարչապետ Սերժ Սարգսեան Ուղերձ Յղած Է
Ազգային Ժողովի Հանրապետական Խմբակցութեան Պատգամաւորներուն
Հայաստանի Հանրապետութեան 3-րդ նախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախագահ Սերժ Սարգսեան ուղերձ յղած է Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորներուն: Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Յարգելինե՛րս,
Ստիպուած եմ անգամ մը եւս հրապարակաւ հանդէս գալու ի լուր մեր ամբողջ ժողովուրդին, բայց այս անգամ դիմելով ձեզի: Որքան ալ իմ հրաժարականէն ետք տրամադրուած էի չմիջամտել քաղաքական հոլովոյթներուն, հիմա անհրաժեշտ կը նկատեմ, որ պարտաւոր եմ ատիկա կատարել:
Կը հրաւիրեմ ձեզ ինծի հետ հանդիպումի, որպէսզի աւելի հանգամանալից բացատրեմ իմ հրաժարականիս պատճառները, իմ դիտարկումները ներկայացնեմ կուսակցութեան ապագայի, կուսակցութեան նոր առաջնորդութեան եւ բարեփոխման կարեւորութեան, տարբերուող դերակատարումով խորհրդարանին մէջ աշխատելով երկրի զարգացման նպաստելու վերաբերեալ:
Կը հրաւիրեմ ձեզ խօսելու խաղաղութեան ու կայունութեան մասին, իսկ հանդիպումը պիտի կազմակերպէ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը:
Յարգանքով` Սերժ Սարգսեան»:
Վահրամ Բաղդասարեան. «Մենք Պիտի Առաջադրենք
Վարչապետի Մեր Թեկնածուն»
Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան ըսած է, որ ՀՀԿ-ն մեծամասնութիւն է խորհրդարանին մէջ եւ շուտով պիտի առաջադրէ վարչապետի իր թեկնածուն, կը տեղեկացնէ «Երկիր»-ը:
Ան նաեւ նշած է, որ ՀՀԿ-ն միասնական է այս հարցին մէջ:
Յիշեցնենք, որ ըստ սահմանադրութեան, վարչապետի հրաժարականէն ետք 7 օրուան ընթացքին պէտք է առաջադրուի վարչապետի նոր թեկնածու:
ԲՀԿ-ն Կոչ Ուղղած Է Իր Կուսակիցներուն
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) քաղաքական խորհուրդը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորութեամբ յայտարարած էր, որ կը միանայ համաժողովրդական ընդվզման ալիքին եւ կանգնած է ժողովուրդի կողքին, կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր կուսակիցներուն հանրապետութեան բոլոր մարզերուն եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ զօրաշարժի ենթարկուելու եւ դուրս գալու փողոց, ըլլալու ժողովուրդի կողքին»:
Արսէն Համբարձումեան. «Պարոն Փաշինեանի Հետ
Կը Նախատեսենք Հանդիպում Ունենալ»
Պարոն Փաշինեանի հետ կը նախատեսենք հանդիպում ունենալ: Այդ մասին «Նիուզ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը:
«Կը նախատեսենք հանդիպում ունենալ, քննարկել այն բոլոր հարցերուն շրջանակները, որոնք մեզի համար կարեւորութիւն կը ներկայացնեն: Եւ այդ քննարկումին եւ մօտեցումներուն արձանագրումէն կախեալ են մեր հետագայ քայլերը», նշած է Արսէն Համբարձումեան:
«Ելք» Դաշինքը Հայաստանի Վարչապետի Պաշտօնին
Առաջադրած Է Նիկոլ Փաշինեանի Թեկնածութիւնը
«Ելք» դաշինքը Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին առաջադրած է Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը: Որոշումը կայացած է Ազգային ժողովի «ԵԼՔ» խմբակցութեան երէկ գումարած նիստին:
Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը ըսած է, թէ իրենք կ՛ակնկալեն, որ Ազգային ժողովի մէջ ներկայացուած բոլոր խմբակցութիւնները առաջադրեն Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը:
Պատրաստ Ենք Բանակցութիւններու.
Փաշինեանը Ելոյթ Ունեցած Է Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 25 ապրիլին տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ իրենք պատրաստ են բանակցութիւններու:
«Այդ բանակցութիւնները, ինչպէս նախապէս պնդած ենք, պէտք է վերաբերին իշխանութեան խաղաղ եւ անցնցում փոխանցումին: Պատրաստ ենք քննարկելու անցումային շրջանի, ժամանակաւոր կառավարութեան գործունէութեան հետ կապուած որեւէ հարց», «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` նշած է Փաշինեան:
Անոր համաձայն, Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները պէտք է հաշուի նստին առկայ քաղաքական իրողութիւններուն հետ եւ փոխհամաձայնութեամբ առաջադրեն թեկնածու` յենելով Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքի եւ Հայաստանի օրէնսդրութեան վրայ:
Փաշինեան նշած է նաեւ, որ ապատեղեկատուութիւն կը տարածուի, թէ Սերժ Սարգսեանը լքած է երկիրը: «Սերժ Սարգսեանի եւ ոեւէ քաղաքացիի նկատմամբ վրէժխնդրութեան դրսեւորում չկայ: Սերժ Սարգսեանը չի հեռանար Հայաստանէն եւ ճիշդ կ՛ընէ», շեշտած է պատգամաւորը:
Հարթակէն ունեցած ելոյթներուն ընթացքին «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը նշած է, որ ժողովուրդի թեկնածուն պիտի ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանը:
Ելոյթ ունեցած է նաեւ քաղաքագէտ Արմէն Գրիգորեանը, որ կոչ ուղղած է քաղաքացիներուն պահպանել փողոցային երթեւեկութեան կանոնները, պահպանել նաեւ հրապարակի մաքրութիւնը, քանի որ վերջին օրերուն նկատուած են նշուած կանոններու խախտումներ: