Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԽՈՒԶԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

March 22, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը չորեքշաբթի, 16 մարտին հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները Իրանէն Սուրիա ուղղուող իրանեան «Անթոնով» տիպի բեռնատար օդանաւի մը պարտադրած են խուզարկութեան համար էջք կատարել Տիգրանակերտի օդակայանը: Անոնք այդ քայլին դիմած են հիմնուելով այն կասկածին վրայ, թէ իրանեան օդանաւը զէնք ու զինամթերք կը փոխադրէ: Ըստ լիբանանեան «Տիար» օրաթերթի շաբաթ,18 մարտի թիւին, այդ տեղեկութիւնը թրքական կողմին տրամադրած է ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը: Իրանեան օդանաւի 14 ժամնոց խուզարկութենէն ետք ոչինչ յայտնաբերուած էր:

«Վաթան» իր կիրակի, 20 մարտի թիւին մէջ հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները դարձեալ նոյն կասկածին հիմամբ Իրանէն Սուրիա ուղղուող «Իլիուշին» տիպի բեռնատար օդանաւի մը ստիպած են էջք կատարել Տիգրանակերտի օդակայանը, որմէ ետք այս օդանաւն ալ խուզարկութեան ենթարկուած է:

Թուրքիոյ այս քայլերը ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն իրողութեան վրայ, որ Թուրքիա Իրան-Սուրիա թռիչքներուն հսկողութիւն կը կատարէ եւ Միացեալ Նահանգներու ցուցմունքով զանոնք խուզարկութեան կ՛ենթարկէ: Չէ բացառուած, որ ասոնք Թուրքիան Արեւմուտք-Արեւելք առանցքին նկատմամբ իր կողմնորոշումը յստակացնելու մղելու ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան մէկ խաղն են: Եթէ Անգարա այդ խնդրանքները մերժէր կատարել, Միացեալ Նահանգներու հակադրուած կողմին միացած պիտի ըլլար, իսկ խնդրանքին ընդառաջելով Իրանի, Սուրիոյ, Հըզպալլայի եւ արաբական հանրութեան մօտ անոր նկատմամբ վստահութիւնը լուրջ հարուած մը ստացած եղաւ:

Իրանի եւ Սուրիոյ մօտ Թուրքիոյ նկատմամբ անվստահութեան սերմանումէն ետք, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ իշխանը Թուրքիա այցելելով անոր կոչ ուղղեց` արաբական աշխարհի ներկայ տարբեր տագնապներուն մէջ միջնորդի դեր կատարելու: Ասիկա Թուրքիան շրջանի «չափաւորական» ճամբարին մէջ ներքաշելու եւ զայն  շրջանին մէջ Իրանը հակակշռող ազդակի մը վերածելու փորձ մըն է:

Թուրքիա Պահրէյնի մէջ սիւննի իշխանութեան եւ շիի ընդդիմութեան միջեւ միջնորդութիւն կատարելու փորձ մը կատարեց, սակայն անոր այդ ձգտումը բախեցաւ երկրին շիի մեծամասնութեան կտրուկ մերժումին: Ասիկա չի նշանակեր, թէ միջնորդութիւն կատարելու Թուրքիոյ ջանքերը կանգ պիտի առնեն: Պահրէյնի մէջ յարանուանական յստակ բաժանումը բնականաբար արգելք հանդիսացաւ, որ սիւննի Թուրքիան իբրեւ պարկեշտ միջնորդ ընկալուի, սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ առարկայական այլ պայմաններու մէջ թրքական միջնորդութեան մը, անկախ անոր վերջնական արդիւնքէն, դրական ընկալումը բացառուած է:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՂԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Յաջորդը

ՏՈՄՍ. ՔԱԶԶԱՖԻԻ ԹՌՉՈՂ… ՀՐԱՍԱՅԼԵՐԸ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.