ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ «ՊԷՅՐՈՒԹ Ա-Ի ՀԶՕՐ ԸՆՏՐԱՑԱՆԿ»-Ի ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 19 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառատան մէջ, «Ազատամարտ» ակումբին դիմաց, Էշրեֆիէ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ անդամին`
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 15 ապրիլ 2018-ին, Փարիզի մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ անդամին`
ԵՐԻՑՈՒՀԻ ԱՐՓԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 16 ապրիլ 2018-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Իսկուհի Եարալեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս Եարալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Եարալեան եւ զաւակունք
Տիկին Ազնիւ Մարտիրեան
Տիկին Ալիս Տեմիրճեան եւ դուստրը` Սոնա
Տէր եւ տիկին Ժիրայր Եարալեան
Տէր եւ տիկին Սերոբ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տիկին Սրբուհի Եարալեան
Տէր եւ տիկին Հրաչ Շէօհմելեան եւ զաւակը
Եարալեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Թրթռեան եւ Մաթոսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ԱՐԱՄ ԵԱՐԱԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1924-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 16 ապրիլ 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ հինգշաբթի, 19 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼՕԽ-ի ննջեցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամուհիներու հոգիներուն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի շաբաթ, 21 ապրիլ 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, առաւօտեան ժամը 11:00-ին:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ.
ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ
ՈՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին կը զուգադիպի Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Այս առիթով պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ ապա պիտի կատարուի մատաղի օրհնութիւն: Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
| Ս. ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
| Ս. պատարագ եւ ձեռնադրութիւն` | ժամը 9:30-ին |
| Քարոզ` | ժամը 11:15-ին |
| Մատաղի օրհնութիւն` | ժամը 12:00-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին` հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին կը զուգադիպի Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Համաձայն եկեղեցւոյս աւանդութեան, անուանակոչութեան տօնին տեղի կ՛ունենայ նաեւ մատաղի օրհնութիւն:
Այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ մատաղին, ոչխարով եւ կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ հաստատել թաղականութեան գրասենեակի քարտուղարութեան կամ եկեղեցւոյ հովիւներուն հետ:
Անթիլիասի գրասենեակ 04-402260
Արժ. Տ. Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան 03-302439
Արժ. Տ. Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան 03-960479
Արժ. Տ. Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան 03-384305
ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
19 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ


