Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծումը Ռուսիոյ Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ապրիլ 11, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը յետխորհրդային շրջանին մէջ իր առաջնահերթութիւններէն կը նկատէ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, պատասխանելով հայկական լրատուամիջոցներու հարցումներուն այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Նախարարը յիշեցուցած է, որ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներէն է, եւ այդ դերին մէջ ռուսական կողմը ո՛չ միայն հաւաքական ջանքեր կը գործադրէ միւս համանախագահներուն հետ, այլ նաեւ կը ձգտի, հաւատարիմ մնալով ղարաբաղեան հիմնախնդիրի վերաբերեալ համանախագահներու որոշումներուն, յառաջ քաշել նաեւ սեփական նախաձեռնութիւնները` հաշուի առնելով յատուկ կապերը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ:

Լաւրով խօսած է Քազանի 2011-ի վեհաժողովին մասին, որ վերլուծաբաններուն կարծիքով կրնար բեկումնային ըլլալ լուծման հոլովոյթին մէջ:

«2009-էն մինչեւ 2011 թուական կատարուած աշխատանքը իսկապէս շատ աշխուժ էր: Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հանդիպած են շուրջ 10 անգամ: Հերթական հանդիպումը, որ նախատեսուած էր Քազանի մէջ, իսկապէս կ՛արտօնէր լուրջ դրական արդիւնքներու ակնկալիքներ ունենալ, որովհետեւ փաստաթուղթերու նախագիծերուն մէջ, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համանախագահներուն աջակցութեամբ մշակած էր ռուսական կողմը, մեր ընկալումով, հաւասարակշռուած կերպով հաշուի առնուած էին Երեւանի եւ Պաքուի բոլոր մտահոգութիւնները: Սակայն ինքնին վեհաժողովի ընթացքին ի յայտ եկան յաւելեալ հարցեր ու մեկնաբանութիւններ: Այդպէս կը պատահի: Մենք ատիկա առանձնայատուկ ողբերգութիւն չենք դարձներ: Աշխատանքը պիտի շարունակուի: Համոզուած եմ, որ այսպէս կոչուած «քազանեան փաստաթուղթ»-ին մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ կէտեր նախկինին պէս պահանջուած են: Ատիկա կը հաստատեն Երեւանի եւ Պաքուի արձագանգները ատոր յաջորդած ժամանակահատուածի մէջ նախագահներու, նախարարներու մակարդակով ու պարբերաբար շրջան` Երեւան, Պաքու, Ստեփանակերտ այցելող համանախագահներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին», ընդգծած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Ան համոզում յայտնած է, որ այդ տարիներուն կատարուած որեւէ աշխատանք ի զուր չէ անցած: «Թէեւ, ի հարկէ, այդ ընթացքին յառաջացած են շարք մը նոր գաղափարներ, որոնք հիմա համանախագահները յառաջ կը մղեն կողմերու հետ հաղորդակցութիւններու ընթացքին: Կարեւորագոյնը յաղթահարելն է անվստահութիւնը, որ երբեմն ի յայտ կու գայ բանակցութիւններուն ժամանակ, եւ կեդրոնանալը իրատեսական, գործնապաշտ նպատակներու վրայ, որոնք բաւական շատ են: Բաւական է միայն ատոնք յանձնել թուղթին. թէեւ կողմերը սկզբունքային առումով կը համաձայնին այդ կատարելու անհրաժեշտութեան, սակայն երբ ամէն բան յստակ ձեւակերպումներու մէջ կը մտնէ, ինչպէս կ՛ըլլայ այլ կացութիւններու մէջ, ի յայտ կու գան բարդութիւններ: Կը կարծեմ, որ մենք պիտի շարունակենք ատոնք հետեւողականօրէն յաղթահարել եւ հասնիլ արդիւնքներու», յայտարարած է Լաւրով:

Նախորդը

Մինսքի Խմբակին Անհրաժեշտ Է Աւելի Շատ Ջանք Գործադրել» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահը

Յաջորդը

Պերլին Կ՛ուզէ «Ապահով Երկիրներ» Հռչակել Հայաստանն Ու Վրաստանը

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?