Խմբագրական
Վերջին Խօսք Վերջին Պատուէր
ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը խօսի քեզի, սիրելի ժողովո՛ւրդ հայոց,
Քու հարազատդ, հայ կեանքին մշտարթուն պահակը, քու շահերուդ եւ իրաւունքներուդ անվկանդ պաշտպանը,
Կը դիմէ քեզի` իր ուժին ու հեղինակութեան միակ աղբիւրին, հանդիսաւոր այս պահուն, երբ կը պատրաստուիս քաղաքացիական նուիրական պարտականութիւնդ կատարելու այս ազատ ու ժողովրդավար երկրին մէջ, որուն ամէնէն կենսունակ եւ գործունեայ տարրերէն մէկն ես:
Կը դիմէ քեզի, ինչպէս դիմած է միշտ, վստահ, որ այս անգամ եւս պատրա՛ստ պիտի պատասխանես իր կոչին. կեցուածքդ պիտի ըլլայ վայել այն համբաւին, անունին, բարոյական այն մեծ դրամագլուխին, զոր շահած ես տասնամեակներու անդուլ ու յամառ ճիգերով:
Ժողովո՛ւրդ հայոց, ճշմարտութեան այս վայրկեանին դուն դարձեալ ականջ պիտի տաս քու ներքին ձայնիդ, այն, որ չի խաբեր, անկեղծ է ու հարազատ, ինքնաբուխ եւ ուղի՛ղ:
Վաղը պիտի արժեցնես խօսքդ, պիտի պարտադրես հաւաքական կամքդ, ապագայիդ ու ճակատագրիդ միակ տէրն ըլլալու հանգամանքդ:
Քու անունովդ խօսելու, քեզ ներկայացնելու գերագոյն պատիւը ցարդ տուած ես հարազատիդ` ՀՅ Դաշնակցութեան:
Եղած ես անոր հետ, եղած ես միշտ, ամէն անգամ, երբ ան պէտք ունեցած է քեզի, դիմած է քեզի, յաջողութեան այն միակ գրաւականին, որ դուն ես:
Ահա կը մօտենայ պահը, վերջին հանգրուանը, երբ այլեւս պիտի խօսիս դուն, պիտի խօսի քուէդ:
Պիտի խօսի Պուրճ Համուտի հայութիւնը` իր միատարր զանգուածով:
Ան, որ քալած է միշտ Դաշնակցութեան ճամբով, հաղորդուած է Դաշնակցութեան շունչով, հաւատարիմ ուխտեալը անոր գաղափարականին, անսակարկ նուիրեալը այն վեհ սկզբունքներուն, որոնք կերտած են հայու մաքուր, պայծառ դիմագիծը այս երկրին եւ բոլոր երկիրներուն մէջ:
Պուրճ Համուտի քոյրե՛ր ու եղբայրնե՛ր, ընկերնե՛ր, համակիրնե՛ր, բարեկամնե՛ր, վաղը կարգապահ շարքերով, զանգուածովի, պիտի դիմէք քուէատուփ` քաղաքացիի, հայու ձեր հիմնական պարտականութիւնը կատարողի հպարտութեամբ, բարձրաճակատ, ինչպէս եղած էք միշտ, ձեր աննկուն կամքին արտայայտութեան գերագոյն պահերուն:
Ձեր քուէն պիտի ըլլայ չափանիշը` ձեր քաղաքական հասունութեան, արժէքները գնահատելու առողջ դատողութեան, այս երկրին փողոցներէն հայու մաքուր ճակատով անցնելու ձեր վճռակամութեան:
Ձեր կամքի՛ն, զոր պարտադրած էք ամէն անգամ, երբ փորձած են ձեր ձայնը եղծել, բարոյական ձեր դիմագիծը խաթարել:
Բարոյական այդ դիմագիծը կը պահանջէ, որ վաղը, քուէարկութեան նուիրական պահուն, քուէները, բոլո՛ր քուէները կեդրոնանան հնգանուն մէկ ցանկին վրայ, այն, որուն համար ընտրապայքարի իջած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը` վայելելով եղբայրական գործակցութիւնը այս երկրին ազատութեան եւ անկախութեան նախանձախնդիր կազմակերպութիւններու:
Պուրճ Համուտ վաղը պիտի տայ օրինակը միաձոյլ զանգուածի մը, որ գիտէ ուղիղ կենալ, գործնապէս արտայայտել այն, ինչ որ տասնամեակներով ստացած է ՀՅ Դաշնակցութենէն` իբրեւ ներշնչում, բարոյական հասկացողութիւններու թանկագին եւ անկշռելի դրամագլուխ:
Պուրճ Համուտ վաղը պիտի ըսէ իր խօսքը, ու այդ խօսքին արձագանգը պիտի ըլլայ իր յաղթանակը:
«Ամէն Ջանք Թափել
Իրականացնելու Համար Զանոնք»
Դաշնակցական կոչուելու համար բաւական չէ տեսականօրէն յարել Դաշնակցութեան ծրագրին ու կանոնագրին եւ համակրանքով ընդունել կանոնագրութեան հինգ պահանջներն ու կուսակցական որոշումները եւ կրաւորական կերպով ենթարկուել նրանց:
Դաշնակցական նկատուելու համար բաւական չէ նոյն ծրագիրն ու գործելակերպն ունենալ եւ նոյն կանոնագրին ու որոշումներին ենթարկուել:
Կանոնագիրը թեկնածուներից պահանջում է նաեւ մասնակցել կուսակցութեան իրական կեանքին, այսինքն անդամ լինել կուսակցական մի խմբի եւ «ամէն ջանք թափել իրականացնելու համար զանոնք», այսինքն կուսակցութեան ծրագիրն ու կանոնագիրը եւ որոշումները` կուսակցական մտածումներով, դատումներով եւ գործելակերպով:
Սա հիմնական եւ շատ կարեւոր պահանջ է, որովհետեւ մեր կանոնագիրը գործօն եւ զոհաբերող անդամին է շնորհում դաշնակցական կոչումը, ոչ թէ` կրաւորական ենթակային:
Ծրագրին եւ կանոնագրին ու որոշումներին ենթարկուելու կանոնագրական պահանջը նպատակ չունի խաթարելու, մեռցնելու անդամների անկախ անհատականութիւնը, ազատութիւնը, ազատ մտածելու, դատելու եւ խօսելու իրաւունքները եւ նրանց կորովը, այլ` նրանց աշխատանքը ընդհանուրի որոշած հունով վարելու համար:
«Կանոնագիրը չի ճանաչում մեկուսի անհատներ, իրարից անկախ աշխատանքներ, որ մի օր միացած են եւ գործակից, միւս օրը` բաժան եւ անձնընթաց: Դաշնակցականների աշխատանքը կազմակերպուած է, ճիգերը համադրուած են, իրաւունքները որոշուած են, եւ ա՛յդ ո՛չ թէ մի օրուան եւ մի գործի համար, այլ` ամէն օրուան եւ մի ծրագրի համար», ասում է Ն. Աղբալեանը:
Դաշնակցութիւնը կրաւորական անձերի խմբակցութիւն չէ, ենթակայ` զօրաւոր անհատների կամեցողութեան եւ հետամուտ չէ անհատի շահերի պաշտպանութեան, այլ մտածող, դատող եւ գործօն անդամների կազմակերպութիւն է, ենթակայ` կանոնագրի եւ որոշումների հաւաքական կամքին, տրուած լինելով, որ Դաշնակցութիւնը մի ազգային-քաղաքական կուսակցութիւն է եւ հետամուտ է հայ ժողովրդի ազգային գերագոյն շահերի պաշտպանութեանը:
Պարզ է ուրեմն, որ դաշնակցականը ոչ թէ հլու հնազանդ է կանոնագրի եւ որոշումների, այլ նա ընդունում է կանոնագիրը, կանոնագրական պահանջները եւ կուսակցական որոշումները, այսինքն ենթարկւում եւ հնազանդւում է գիտակցաբար, նա հնազանդւում եւ ենթարկւում է իր սեփական կամքին եւ համամտում ընդհանուր, ազգային գերագոյն շահերի պաշտպանութեան պահանջներին:
«Այս պատճառով դաշնակցականի հնազանդութիւնը ստրկամտութիւն չէ, այլ` ինքընտիր պարտադրանք: Այդպէս է հրամայում կանոնագիրը եւ ա՛յդ յանձնառութեան հիման վրայ է, որ նա դաշնակցականի կոչում է ստանում,- ասում է Ն. Աղբալեանը,- եւ պէտք չէ կարծել ուրեմն, որ դաշնակցական լինել` նշանակում է ամսական տուրք վճարել եւ երբեմն ժողովի գնալ: Դաշնակցական կոչումը շատ աւելի դժուարին ու բարդ գործ է, քան կարծում են շատերը»: Դաշնակցութիւնը կամ դաշնակցականութիւնը մի անսահման եւ անսակարկ զոհաբերութիւն է` առանց նիւթական եւ բարոյական որե՛ւէ ակնկալիքի:
«Ալիք»