Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաչ Մուրադեանի Սպանութեան 5-րդ Տարելիցի Նշում

April 3, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 ապրիլին ազատամարտիկ, Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան 5-րդ տարելիցն էր: Պռօշեան համայնքի Զօրաց պանթէոն հաւաքուած էին անոր ընտանիքին անդամները, ընկերները, կուսակցական ընկերները եւ գիւղացիներ:

Պռօշեանի ՀՅԴ «Դրօ Կանայեան» կոմիտէութեան անունով, որուն անդամ եղած էր Հրաչ Մուրադեանը, խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Հաճեանը: Ան ընդգծեց, որ պիտի չսահմանափակուին այս երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունենալիք` Հրաչ Մուրադեանի յիշատակին նուիրուած ժողովրդային հաւաքներով, այլ յառաջիկայ ամիսներուն գիւղապետի սպանութեան 5-րդ տարելիցին առիթով պէտք է տեղի ունենան արդար բացայայտման կոչերով պահանջատիրական երթեր Հայաստանի  կարգ մը շրջաններու մէջ:

Պռօշեանի «Դրօ Կանայեան» կոմիտէի անդամ, բժիշկ Տարօն Տօնոյեանն ալ նշեց, որ 2 ապրիլը ծանր օր է: «Այնպէս դասաւորուած է, որ մեր կեանքի ընթացքին մենք բազմաթիւ ընկերներ կորսնցուցինք, բայց Հրաչ Մուրադեանի կորուստը միայն մեր կորուստը չէ, անոր մէջ ապագայի կորուստի վախ կայ, որովհետեւ ձեռք բարձրացուած է մարդու մը վրայ, տեսակի մը վրայ, որ երկիր պահող է: Խաղաղ պայմաններու մէջ արդար ապրող մարդու վրայ ձեռք բարձրացուած է», ըսած է ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան խօսք առնելով նկատել տուած է, որ Հրաչ Մուրադեանը իր մէջ կը մարմնաւորէր հայու պատմութեան փոքրիկ օրինակ մը: «Ծնած ըլլալով սփիւռքի մէջ, ապրեցաւ Հայաստան, զօրագրուեցաւ հայոց ազատագրման պայքարին, մինչեւ պատերազմի վերջը մասնակցեցաւ ազատամարտին, իսկ այնուհետեւ անցաւ խաղաղ աշխատանքի: Ան Հայաստան կառուցող մարդու կերպար էր, եւ այդ ձեռքը, որ բարձացաւ Հրաչին վրայ, ատիկա անձի վրայ չէր, ատիկա մեր պետականութեան վրայ էր», ըսաւ ան:

Ան նկատել տուաւ, որ այսօր Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գործը տակաւին բացայայտուած չէ եւ նախաքննութեան փուլի մէջ է: «ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը հետեւողական պիտի ըլլայ` շարունակելու պահանջել իշխանութիւններէն` բացայայտել այս գործը Ազգային ժողովի մէջ պատգամաւորական իր խմբակցութեան միջոցով», յայտարարեց ան:

 

 

Նախորդը

Պայթում` Հիւսիսային Պողոտայի Մէջ

Յաջորդը

Խմբագրական. Շփման Գիծ Կամ Փաստացի (Տէ Ֆաքթօ) Սահմաններ. Միջազգային Ամրագրման Նախադրեալներ

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.