Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1968)

Մարտ 30, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Հայկազ

Աննալի համալսարանին մէջ, Անտրէ Մորուայի յիշատակին նուիրուած հանդէսի մը ընթացքին, նոյն համալսարանի փրոֆեսէօրներէն մէկը` Մորիս  Տրիւոն անդրադարձած է մարդ էակին դիմագիծը ձեւազեղծող մեր ժամանակի երեւոյթներուն եւ հակադրաբար վեր առած է հռչակաւոր գրագէտին մարդկայնական յատկութիւնը. «Մորուայի ներկայութիւնը ժպիտ մը կը նշանակէր նախ, հրաշալի, անկրկնելի ժպիտ մը, ազնուութեամբ, բարեկամեցողութեամբ, բարութեամբ, մարդուն հետ ունեցած եղբայրական կապերով կազմուած ժպիտ մը, որ խաղաղօրէն հակադրուած օրերու դժուարութեան, տեսակ մը նրբին ստոյիկութիւն էր, ազնուական մը ըլլալու իւրայատուկ եղանակ մը»:

Այս տողերը կարդացած ատեն յիշեցինք մե՛ր Մորուան` Արամ Հայկազը ու Արամ Հայկազի նոր լոյս ընծայած «Պանդոկ» հատորը աւարտելէ ետք չկրցանք դիմանալ հատուածը ամբողջութեամբ մէջբերելու փորձութեան:

Արդարեւ, ժպիտը` զուարթախոհութեան, լաւատեսութեան, կենսասիրութեան ու մարդասիրութեան այդ հրաշալի ծաղիկը` Արամ Հայկազի գրականութեան ամէնէն բնորոշ յատկանիշն է:

Բռնութեան, կոտորածներու ու որբութեան ծայրագոյն, դառնագո՛յն կացութիւններու ականատես եղած, ենթարկուա՛ծ պատանութիւն մը ունեցաւ Արամ Հայկազ, ծնողք, հայրենական հող ու հայրենակիցներ կորսնցուցած մարդու տակնուվրայութիւն մը ապրեցաւ, իր գրականութեան ատաղձ դարձուց այդ օրերու մռայլ փորձառութիւնները, բայց արցունքի մէջ չխեղդեց իր էջերը, վհատեցնող ողբերգութիւններ սեւագրելու ընթացիկ հեշտանքը վարկ չունեցաւ իր մօտ, թերեւս այդ ուղղութեամբ մասնաւոր ճի՛գ ալ չըրաւ, էջերը կնքեց իր խառնուածքով, առողջութեամբ, լաւատեսութեամբ, փոխանցելով ընթերցողին բուխ, վարակիչ, բուժիչ ժպիտ մը:

Այնքան դառն փորձառութենէ ետք մեր ժողովուրդին պարզած ապշեցուցիչ պատկերին, կեանքը իր կամքին ենթարկելու, վերականգնելու հանգամանքին մէջ լաւատեսութեան, զուարթախոհութեան ու ժպիտի դերը անկշիռ չէ, ու Արամ Հայկազ գերազանցապէս այդ յատկութիւններուն երգիչն է:

Նոյն այս կարողութեան շնորհիւ` Արամ Հայկազ կանգ առաւ «Մեր դրացիներ»-ուն մօտ ու կեանքի անոնց փիլիսոփայութենէն տարրեր մուծելով էջերուն մէջ` իր հայութեան վրայ գումարեց մարդկայնական ընդհանուր գիծ մը:

Իրարու վրայ երկու հատոր «Ցեղին ձայն» ձայնագրեց Արամ Հայկազ, «Շապին Գարահիսարի հերոսամարտը» հերոսագրեց, «Չորս աշխարհ»-ի չո՛րս փորձառութիւններ խտացուց միշտ նոյն ոճով, հայութիւնը յատկանշող վերոյիշեալ արժանիքներով, հաւատքով, ժպիտով, քաղցրութեամբ:

Նոր լոյս տեսաւ Արամ Հայկազի հինգերորդ հատորը` «Պանդոկ» ու «Պանդոկ»-ը անուանի գրագէտին գործն է նորէն, կենսուրախ, հետաքրքրական, հաճելի:

Պ. Ս.

 

Դէպի Ամերիկա

Բոլոր լաւ բաները, կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, միասին կու գան: Ամերիկա գտնուող եղբօրմէս նամակ ստացայ. զիս իր քով տանիլ կ՛ուզէ: Փոխանակ ուրախանալու` լալ սկսայ:

Անշուշտ, որ կարօտցած եմ զինք եւ կ՛ուզեմ իր քով ու իրեն հետ ապրիլ: Բայց երբ ինծի հարցնէ, թէ «եղբայրներն ու մայրիկը, իր կինն ու զաւակները ի՞նչ եղան, ես ի՞նչ կրնամ պատասխանել… Ինչպէ՞ս կրնամ ըսել, թէ` «ես ապրեցայ, բայց անոնք, բոլո՛րը, բոլո՛րը մեռան»… Ինչո՞ւ, ես անոնցմէ աղէ՞կ էի, իմ արիւնը աւելի՞ կարմիր էր, ես վերի՞ արտին ցորենն էի… Յետոյ, ո՞վ կ՛ուզէ գուժկան ըլլալ… Իրաւ է, թէ ան գիտէ, գիտցած ըլլալու է…

Բայց ես ապրելուս համար յացնաւոր կը զգամ…

Այս մտածումներով տանջահար նստայ անոր պատասխանելու: Քանի՞ էջ թուղթ փճացուցի ու նետեցի մէկ կողմ չեմ գիտեր: Գրելիքս գիտեմ ու նախադասութիւնները դիւրաւ կը կազմուին մտքիս մէջ, բայց երբ կը ծռիմ էջին վրայ, արցունքը հեղեղի պէս կը հոսի աչքերէս ու կը պաղեցնէ մելանը: Առանց հետք ձգելու չի՛ ալ չորցուիր: Եւ ես չեմ ուզեր, որ ան գիտնայ, թէ իրեն նամակ գրած պահուս նստեր ու կնկայ պէս լացեր եմ:

Ի վերջոյ, հազար զգուշութեամբ, ձեւով մը յաջողեցայ էջ մը բան գրել ու դնել ծրարին մէջ: Բայց դեռ կը սարսափիմ այն պահէն, երբ առաջին անգամ անոր պիտի հանդիպիմ ու գլուխս անոր կուրծքին դրած, անոր թեւերուն մէջ պիտի լամ: Եթէ այդ պահուն չպայթի սիրտս, ա՛լ չի պայթիր:

Եղբայր մըն ալ Ռուսաստան ունիմ: Աշխարհն այնպէս եղաւ, որ չեմ գիտեր, թէ ունի՞մ, թէ ունէի… 1915-էն ի վեր լուր չունիմ անկէ ու չգիտեմ, թէ ռուսական յեղափոխութեան յորձանքը անոր քովէ՞ն անցաւ թէ վրայէն: Շատ կը սիրէի այդ եղբայրս ալ: Ան տարբեր էր միւսներէն. միւսները խելօք էին, լուրջ, ուսումնական ու տիկնիֆայտ. բայց այս մէ՜կը… Թեւ բանալ կ՛ուզէր ու Գարահիսարի երկինքն ու հորիզոնը նեղ կու գային իրեն: Հազար ինը հարիւրին կամ քիչ մը առաջ, գնաց Ռուսաստան ու գրեց, որ տուն-տեղ ծախենք ու երթանք իր քով: Մենք բոլորս համամիտ էինք: Բայց մայրս, հակառակ անոր որ իր աչքի լոյսին պէս կը սիրէր իր այդ խենթուկ մանչն ալ, առարկեց: Չէ՜ր ուզեր բաժնուիլ իր օճախէն ու ծնողներու գերեզմանէն:

Այդ չէ՞ եղած մեր ազգային դժբախտութիւն պատճառն ալ. փակեր ենք քառուղիներուն վրայ քարոտ մեր երկրին ու հանդուրժեր, որ ամէն դար, դարը քանի մը անգամ, մեր երկիրը դառնայ կռուի դաշտ ու մեր արիւնը հոսի անհաշիւ… Այսուհանդերձ, եթէ Աստուած աշխարհի վերաբաժանումին ձեռնարկէ ու զիս խորհրդական կանչելով հարցնէ, թէ «ո՞ր մասը ձեզի տամ», առանց վարանումի կ՛ըսեմ.

– Ներկայ տեղը:

***

Վերջին այդ օրերուն էր, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը մեր դասացուցակին վրայ գրականութեան դաս ալ աւելցուց: Յակոբ Օշական անունով մարդ մըն էր, որ օր մը ներս մտաւ դասարանէն եւ խօսքը ոտքի ելած աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ, որ նստինք: Նստանք:

– Ձեզմէ ո՛վ ինչ ունի գրած, թող ելնէ կարդայ,- ըսաւ:

Մարդ ոտքի չելաւ:

– Աղէ՛կ, հասկցանք:

Իր հասկցածը ի՞նչ էր` չեմ գիտեր: Բայց մեր հասկցածը այն էր, որ աններող քննադատ մըն էր եւ անուն ունեցող գրագէտներն իսկ չէին ազատեր իր հատու խօսքէն: Մենք ո՞վ էինք, որ ելնէինք, բան կարդալու իր առջեւ…

Հազիւ իրմէ վեց դաս էինք առած, երբ Ամերիկա երթալուս համար ամէն բան կարգադրուեցաւ: Գացի խնդրեցի տնօրէնէն թոյլտուութիւն տալ, որ ինձմէ վեր կարգերու գրականութեան դասին ալ ներկայ գտնուիմ` իբրեւ ազատ ունկնդիր: Խնդրանքս չմերժեց: Այդպէսով էր, որ քանի մը անգամ ներկայ եղայ Ե. դասարանի գրականութեան դասերուն եւ մէկ անգամ ալ` Եղիշէ սրբազան Դուրեանի զրոյցին: Շատ լաւ տպաւորութիւն թողուց վրաս: Իր ըսածը գիտցող մարդու հանդարտ ու ինքնավստահ շեշտով, ժպիտը դէմքին անպակաս, կը խօսէր մեղմ ձայնով:

Օրերս ա՛լ համրուած էին: «Մնաք բարով» ըսելու այցելութեան գացի Պոլիս գտնուող կարգ մը հայրենակիցներու: Այդ առթիւ էր, որ գիշեր մըն ալ քնացայ Գում Գափու գտնուող անոնցմէ մէկուն տունը: Իրիկունը, հիւրընկալիս պատշգամէն, խարակներուն վրայ փշրուող ալիքներու շառաչին ունկնդրելով` ծովը դիտեցի: Կէս գիշերէն առաջ բարձրացաւ նաեւ լուսինը եւ լողալու համար մտաւ ջուրը: Չեմ գիտեր` ի՞նչ պատահեցաւ, որ փշրուած, հազա՛ր կտոր եղած, ելաւ մակերես, աննկարագրելի ու անմոռանալի պատկեր մը կազմելով: Ու ե՛ս, որ թէեւ մինչեւ 20 տարեկանս ծով տեսած չէի, խենթի պէս սիրեցի աղի ջուրի այդ անսահման տարածութիւնը եւ չյագեցայ, չյագեցա՜յ զայն դիտելէն…

Կը յուսամ, որ եթէ մեռնիմ, ժառանգորդներս, մարմինս այրել տալով, մոխիրս կը նետեն ծովը, որպէսզի ալիքներու ձայնով օրօրուի յաւիտենական քունս:

Կը հաւատամ, որ մայիս ամիսը բախտաւոր ամիս է ինծի ու հայութեան համար: Դարաւոր գերութենէ ետք մայիս ամսուն էր, որ մեր անկախութեան հիմնաքարը անգամ մը եւս դրուեցաւ: Մայիս ամսուն էր, որ Քիւրտիստանը ձգելով, ցեղիս գիրկը վերադարձայ եւ ահա կրկին մայիս ամսուն է, որ ունեցած քանի մը գոյքերս կապած, ընդամէնը` կէս ծրար, Պոլսէն նաւ բարձրացայ Ամերիկա երթալու համար:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ծաղկազարդ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?