Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանին ֆութսալի դպրոցական մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Շանվիլի եւ Լուէյզի Զուք Մոսպեհի միջեւ:
Լուէյզի տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականի բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ: Լուէյզի 5-4 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին:
Մրցումը հետաքրքրական եղաւ այն իմաստով, որ Ա. կիսախաղին Շանվիլ 3-0 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը:
Աւարտին տեղի ուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին յատուկ բաժակներ տրուեցան նաեւ մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկին, մարզիչին, խմբապետին, կոլսքորըրին եւ բերդապահին: