ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումներուն աւարտական խաղերը տեղի ունեցան շաբաթ, 24 մարտ 2018-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ հոծ բազմութեան, որ եկած էր քաջալերելու աւարտական մրցումին հասած խումբերը:
Մրցումին ներկայ էին Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն Իշխան Եղիայեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան եւ անդամներ Պետիկ Լոճիկեան ու Աշոտ Թասլաքեան, ինչպէս նաեւ վեր. Սեպուհ Թերզեան, ծնողք եւ աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները եւ պասքեթպոլի ընդհանուր դասաւորումը.
Չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան աղջիկներ 59 – 30
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան 2003/2004/2005-ի ծնունդ տղաք 54 – 12
Հինգշաբթի, 22 մարտ 2018
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան – Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան աղջիկներ 64 – 26
Ազգային Միացեալ վարժարան – Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան 2003/2004/2005-ի ծնունդ տղաք 52 – 43
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարան 2000/2001/2002-ի ծնունդ տղաք 27 – 52
Ուրբաթ, 23 մարտ 2018
Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարան – Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ աղջիկներ 44 – 52
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան 2003/2004/2005-ի ծնունդ տղաք 22 – 58
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան – Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան 2000/2001/2002-ի ծնունդ տղաք 64 – 41
Շաբաթ, 24 մարտ 2018
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան – Ազգային միացեալ վարժարան 2003/2004/2005-ի ծնունդ տղաք 75 – 38
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան աղջիկներ 68 – 61
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան – Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարան 2000/2001/2002-ի ծնունդ տղաք 66 – 5
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
Փոքր տղաք` 2003 / 2004 / 2005-ի ծնունդ
1- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2- Ազգային միացեալ վարժարան
3- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
Մեծ տղաք` 2000 / 2001 / 2002-ի ծնունդ
1- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2- Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարան
3- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան
Աղջիկներ
1- Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
2- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան
3- Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան վարժարան եւ Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ