Միջազգային համալսարաններու 2018-ի մարզական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերելու նպատակով, Հայկազեան համալսարանի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Աթէնք, ուր պիտի մասնակցի քանի մը տեսակի մարզախաղերու:
Հայկազեան համալսարանի 19 աշակերտները պիտի մասնակցին աղջկանց պասքեթպոլի, աղջկանց ֆութսալի եւ փինկ փոնկի մրցումներուն:
Աթէնքի այս մարզախաղերուն կը մասնակցին 7 տարբեր երկիրներու 15 համալսարաններու մարզական պատուիրակութիւնները:
Հայկազեանի մարզական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սեւակ Տեմիրճեան, իսկ մարզիչներն են` Յարութ Գուզուճեան եւ Սահակ Պիտինեան:



