Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Մարտ 1968)

Մարտ 29, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Մամուլը

Ինչո՞ւ Միասնականութիւն Չկայ

Հայ կուսակցութիւններու գոյապատճառը կը բխի հայոց պատմութեան ակունքէն եւ արմատներով ամրացած է հայութեան հոգեկան ալքերուն մէջ: Անոնք սնանած են հայ պատմութեան վեհ աւանդներով, կէս դարէ աւելի ապրած, տառապած եւ թրծուած են ազատագրական դժնդակ, բայց փառաշուք հնոցի մէջ, անվհատ քալեր են հայ ժողովուրդի յաղթանակի եւ պարտութեան վերիվայրումներով, վերացեր են հայութեան երազի եւ յոյսերու տեսիլքով, կոփուեր են անոր անսասան հաւատքով եւ կորովով եւ անվկանդ կառչեր են աննահանջ լաւատեսութեան:

Կուսակցութիւններու անջատ գոյութիւնը արդիւնք է քաղաքական հասկացողութիւններու, ուղեգիծներու տարբերութեան, որոնք մտացածին չեն, այլ հարազատ ծնունդ` հայ քաղաքական իրականութեան: Բոլորի անդրագոյն նպատակը մէկ է եւ նոյնն է` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան: Բոլորն ալ կը ձգտին միացեալին` «Ամբողջական հայութիւն` ամբողջական Հայաստանով», Հնչակ-ռամկավար պլոքը կը յուսայ եւ կ՛ակնկալէ, որ Ռուսիան իրագործէ այդ: Հետեւաբար Հայ դատի հետապնդման առնչութեամբ, այս պլոքը տեսակ մը կրաւորական, սպասողական դիրքաւորում ընտրած է:

ՀՅ դաշնակցութիւնը Հայ դատի միակ տէրը կը նկատէ հայ ժողովուրդը. ո՛չ Ռուսիան եւ ո՛չ ալ Ամերիկան: Այս երկուքը ոչ թէ Հայ դատին տէրն են, այլ` մեծագոյն պատասխանատուները: Արդարեւ, Հայ դատը հայեւռուսական հարց չէ, այլ գերազանցօրէն` միջազգային, որուն բարձրագոյն ատեանը կը նկատենք ՄԱԿ-ը: Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէ, որ Հայ դատը իր մրափի, լքումի վիճակէն ձերբազատի, արթննայ եւ մուտք գործէ ՄԱԿ-ի ատեանը:

Բացայայտ է, որ հայ կուսակցութիւնները, ըստ էութեան, միահամուռ համամիտ են երկու Հայաստաններու միաւորումին: Հնչակ-ռամկավար պլոքը զայրագին կը խրտչի Դաշնակցութեան առաջադրած անկախութենէն: Անկախութեան բառին պլոքը կը կցէ Ռուսիայէն անմիջօրէն անջատման հասկացողութիւնը: Այս թիւրիմացութիւնը` անկէ, որ հեռուն նայիլ չի գիտեր եւ բոլոր հարցերու լուծումը կը տեսնէ միայն ռուսական պրիսմակի ընդմէջէն: Դաշնակցութիւնը իրատես է. գիտակ է եւ զգայուն, որ Հայաստանը պաշարուած է թուրքիզմով տոգորուած երկիրներով: Եւ այդ գիտակցութեամբ, կուսակցական կազմի հետքն իսկ չունի հոն: Դաշնակցութիւնը ոչ միայն ապստամբութեան հակառակ է, այլեւ երկիւղով եւ աչալրջութեամբ կը դիտէ, որ խռովութեան եւ ըմբոստութեան խմորումներ տեղի չունենան հայրենի երկրի ծոցը:

ՀՅ դաշնակցութեան պարտաւորութիւնն է սփիւռքի հայութիւնը տոգորել ազգային ինքնութեան գզացողութեամբ, գիտակցութեամբ, եւ անդրագոյն նպատակով գործէ, ապրի եւ զարգանայ: Հայաստանի հայութիւնը կարիքը չունի մեր քարոզչութեան: Ան մշակութային գիծով արդէն անկախութեան կը սլանայ: Անկախութեան գաղափարն է, որ սփիւռքի հայը կը զատորոշէ օտարէն, կը մղէ զայն հայօրէն ապրելու եւ ստեղծելու: Հրամայական է սա յատկապէս հիմա, երբ ընդհանուր հակում մը ստեղծուած է ամէն բան Ռուսիայէն սպասելու: Անկախութեան գաղափարը,  զգացումը մեզ կը ձերբազատեն Ռուսիոյ կամ ընդհանրապէս օտարին ենթակայութեան զգացումէն:

Մեր բացատրութենէն բացորոշ է. սփիւռքի հայ կուսակցութիւնները համազգային ճակատ կազմելու, միասնաբար աշխատելու եւ միանալու բազմաթիւ ընդհանուր կապեր ունին: Նոր կուսակցութիւն մը ստեղծելու հարկ չկայ: Տարակարծիք ըլլալով հանդերձ, կրնան միասնաբար գործել, գէթ կրնան զիրար չխաչաձեւել: Ուրեմն ոչ թէ կուսակցութիւններու գոյութիւնն է միասնականութեան արգելք, այլ յատկապէս` անձնական յիշաչար կիրքերը:

Պէտք է յարել, որ Խորհրդային Հայաստանի որոշ ուժեր կը խրախուսեն սփիւռքահայութեան պառակտումը:

«Հայրենիք»

 

Բուն Դարմանը

Քանի կ՛երկարին տարագրութեան մէջ անցուած տարիները, այնքան կը թուլնան ինքնապաշտպանութեան, ազգապահպանման կարելիութիւնները:

Քանի սերունդներ կը յաջորդեն սերունդներու, այնքան կ՛աճի ուծացման, օտարացման ու ձուլման վտանգը:

Հին սերունդը, որ իր վերջալոյսը կ՛ապրի սփիւռքի մէջ, խոր կսկիծով համակուած, անզօր կատաղութեամբ ճամբաներ կ՛որոնէ փրկութեան լաստ մը գտնելու համար: Այդ լաստը հայրենադարձ է, ներգաղթը` դէպի Հայաստան:

Երկու կարծիք չկայ այս մասին: Իսկական հայրենասէրները բոլորն ալ համաձայն են այս կէտին շուրջ:

Արտասահմանի հիւրընկալ երկիրներուն մէջ կարելին կը փորձենք, օրէնքի թոյլատրած պայմաններու չափով, ձուլումէ փրկելու նոր սերունդը:

Կարմիր ջարդ չկայ քառասունեւհինգ տարիէ ի վեր: Սպիտակ ջարդը յաջորդած է կարմիրին ի սփիւռս աշխարհի, մանաւանդ` արեւմտեան կողմն աշխարհի:

Արեւելքէն դէպի արեւմուտք տեղաշարժը կը շարունակուի անընդհատ: Ու նշաններ ալ չկան, որ անիկա պիտի դադրի ընդհուպ:

Մինչ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ նոր սերունդը կը հալի հետզհետէ մեր աչքերուն առջեւ, Մերձաւոր Արեւելքէն ամէն օր հայ ընտանիքները կը գաղթեն դէպի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Հարաւային Ամերիկա եւ Աւստրալիա:

Անոնք կը փնտռեն կեանքի ապահովութիւն եւ ազատութիւն: Ո՛չ ոք կրնայ արգելք հանդիսանալ անոնց գաղթին: Բոլորն ալ կեանքի դառնութիւնները լիովին ճաշակած, փորձառու մարդիկ են: Գաղթականի ցուպը ձեռք կ՛առնեն` իբրեւ վերջին լուծում, ուրիշ կարելիութեանց չարն ու բարին կշռելէ ետք:

Չունինք ամենայն հայոց կառավարութիւն մը, որ տէր կանգնի սփիւռքի վտանգուած հայրենակիցներուն եւ հայրենիք փոխադրէ զանոնք զանգուածօրէն:

Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին, 1945-ի նոյեմբերին Մոսկուայի կեդրոնական կառավարութիւնն է, որ որոշեց արտասահմանէն ներգաղթ կազմակերպել դէպի հայրենիք: Հայաստանի սահմանները ընդարձակելու սին յոյսերով օրօրեց մեզ:

Հարիւր հազար հայեր օգտուեցան ներկայացած առիթէն: Զանգուածային հայրենադարձը դադրած է քսան տարիէ ի վեր: Ներկայիս տարեկան շուրջ հազար հայեր միայն կը տարուին Հայաստան` զանազան երկիրներէ: Պատճառները բարդ են:

Կիսամիջոցներով կարելի չէ դարման տանիլ մեզ տանջող ցաւին: Հայրենադարձի մտածուած ծրագիրն է բուն դարմանը:

«Յառաջ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Անցեալի Էջը Դիւրաւ Կը Դարձնէ՞ք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In