Ֆութպոլի Եւրոպայի գործող ախոյեան Փորթուգալի հաւաքականի եւ հոլանտացիներու միջեւ բարեկամական խաղի ժամանակ, համակիրներէն մէկը ներխուժեց դաշտ եւ համբուրեց Քրիսթիանօ Ռոնալտոն: Ան նոյնպէս յաջողեցաւ ինքնանկար (սելֆի) ընել 33-ամեայ ֆութպոլիստին հետ:
Ժընեւի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած մրցումին 68-րդ վայրկեանին Ռոնալտօ փոխարինուեցաւ: Այդ խաղին Ռոնալտօ այս մրցաշրջանին մէջ առաջին անգամ չկրցաւ գնդակը ուղղակի բերդին հարուածել:
Փորթուգալ պարտուեցաւ 3-0 արդիւնքով: