Ի՞Նչ Ենք Պարտական
Մեր Մամուլին
Մամուլը հայ սփիւռքի իրականութեան մէջ նիւթապէս ամէնէն անտեսուած հաստատութիւններէն մէկն է, գուցէ եւ` ամէնէն անտեսուածը:
Շատեր, գիտեմ, իրենց զարմանքը պիտի յայտնեն իմ այս մտքին առիթով ու պիտի ըսեն.
– Ինչպէ՞ս թէ` անտեսուած, երբ ա՜յնքան յաճախ չորս, վեց, տասը, եւ քիչ մըն ալ աւելի տոլարներ կը նուիրեն «Հայրենիք»-ի մամուլի մեքենականութեան:
Սակայն այդ նուէրները հանրային բարեգործութեան առատ սեղանէն նետուած փշրանքներ են միայն` աղքատին տրուած օգնութեան նման: Յետոյ, մամուլի մեքենականութեան նուէր տալ չի նշանակեր` մամուլին տալ, որովհետեւ մամուլը մեքենականութիւն չէ միայն, այլե՛ւ մանաւանդ` շնչաւոր անձերէ կազմուած ու ղեկավարուած հաստատութիւն մը, որը հանրութեան կը ծառայէ մէկէ աւելի նպատակներով:
Այսպէս, մամուլը, նախ, տեղեակ կը պահէ ընթերցող հասարակութիւնը ազգային եւ միջազգային իրադարձութիւններու մասին. երկրորդ` կը լուսաբանէ, ըստ կարելւոյն, հասկնալի կը դարձնէ այդ իրադարձութեանց յաճախ բարդ, մշուշապատ իմաստը, երրորդ` եթէ ան կուսակցական է մանաւանդ, հայ ժողովուրդի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական գերագոյն շահերուն նպաստող գաղափարներ կը տարածէ. չորրորդ` հայ սփիւռքի ազգապահպանման ու հայ մշակոյթի զարգացման զօրավիգ կը հանդիսանայ, հինգերորդ` վառ կը պահէ սփիւռքի հայութեան հետաքրքրութիւնը մայր Հայաստանի հանդէպ. եւ, վերջապէս, իրեն միայն յատուկ ազդու միջոցներով կ՛օգնէ Հայ դատի հետապնդման:
Այսքանով ալ, սակայն, չի սահմանափակուիր մամուլին դերը:
Արդարեւ, ժամանակակից կեանքի պայմաններուն մէջ գրեթէ ոչ մէկ հանրային հաստատութիւն կարող է կանոնաւոր եւ արդիւնաւոր կերպով գործել, իսկ երբեմն` նաեւ գոյատեւել, եթէ այս կամ այն չափով իր տրամադրութեան տակ չունենայ մամուլը: Անոնք բոլորն ալ պէտք ունին մամուլի օգնութեան` դրամահաւաքի, ժողովներու կամ հաւաքոյթներու յայտարարութեանց, իրենց գործունէութեան մասին տրուող հաշուետուութեան, իրենց նպատակներու ժողովրդականացման եւ առհասարակ իրենց գոյութեան ու գործունէութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնելու կամ պահպանելու համար: Նոյնիսկ մեր դարաւոր եկեղեցին, որ իր գոյութիւնը կրցած է պահել, երբ մամուլ չկար բոլորովին, այսօր, հիմնովին փոխուած պայմաններու մէջ, չի կրնար արդիւնաւոր կերպով գործել` առանց մամուլի օգնութեան: Ա՛լ չենք խօսիր քաղաքական, բարեսիրական, կրթասիրական կազմակերպութեանց, հայրենակցական միութեանց կամ դպրոցական հաստատութեանց մասին, որոնք եկեղեցիէն ալ շատ աւելի պէտք ունին մամուլի օգնութեան:
Եւ, սակայն, հայ հասարակութիւնը սփիւռքի մէջ որքա՜ն քիչ կը գնահատէ իր մամուլը, որքա՜ն քիչ կը հասկնայ մամուլի դերը մեր հանրային կեանքի մէջ: Թէեւ ան վերջին 10-15 տարիներուն մանաւանդ հազարաւոր, տասնեակ եւ հարիւր հազարաւոր տոլարներ անտրտունջ կը նուիրէ ոչ միայն եկեղեցիներուն, դպրոցներուն ու անոնց շէնքերուն, ինչպէս եւ` ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական նպատակներու, բայց երբ հարցը կու գայ մամուլին օգնելու, միայն փշրանքներ կը նետէ անոր կամ անոր մեքենականութեան:
*
* *
Ինչո՞վ բացատրել այս արտառոց երեւոյթը:
Թերեւս բոլորովին արդար պիտի չըլլար ըսել, որ սփիւռքի հայ ընթերցող հասարակութիւնը պէտք եղած չափով չի հասկնար կամ չի գնահատեր իր մամուլին դերը: Կը մղուինք խորհելու, որ եթէ ոչ բոլորը, գէթ շատեր միամտաբար կը կարծեն, թէ մեր մամուլը առեւտրական ձեռնարկ մըն է եւ իր եկամուտներով կարող է եւ պէտք է նիւթապէս ինքնապահ ըլլալ:
Սակայն սփիւռքի մեր մամուլը, որ կուսակցական է գերազանցապէս, ո՛չ առեւտրական նպատակներ կը հետապնդէ եւ ո՛չ ալ որեւէ ատեն ունեցած է կամ ունի առեւտրական բնոյթ: Մեր ընթերցողներու սահմանափակ ու հետզհետէ պակսող թիւը նկատի ունենալով` մենք ո՛չ կարող ենք բաւարար չափով բաժանորդներ ունենալ եւ ո՛չ ալ` հասութաբեր ծանուցումներ, որպէսզի մեր մամուլը սփիւռքի մէջ ինքնաբաւ դառնայ նիւթապէս:
Միակ ելքը նիւթական օգնութիւնն է հանրութեան կողմէ, ըլլայ այդ պարբերական նուիրատուութիւններու թէ բացառիկ հանգանակութիւններու միջոցով:
Նիւթական օգնութիւն մամուլին կարող է եւ պէտք է ըլլայ նաեւ այնպէս, ինչպէս որ զանազան առիթներով տեղի կ՛ունենայ ի նպաստ եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ այլեւայլ կազմակերպութիւններու: Օրինակ` ծնունդներու, ամուսնութեանց, մանաւանդ մահերու եւ այլեւայլ տարեդարձներու առիթով:
Այդ խողովակով ամէնէն մեծ օգնութիւնը կը ստանան եկեղեցիները` մասամբ այն պատճառով, որ գերեզմանին մօտեցող հայ մարդիկ կամ անոնց հարազատները մեծ մասամբ իրենց պարտքը կ՛ուզեն տալ դարաւոր հայ ազգային կազմակերպութեանց պահպանման, մասամբ այդ կ՛ընեն իրենց հոգիներու փրկութեան մտահոգութեամբ եւ` մասամբ ալ, որովհետեւ մեր եկեղեցիներու հովիւները արթուն պահակի պէս տեղին վրայ կ՛աշխատին ամէն առիթ օգտագործել ի նպաստ իրենց խնամքին յանձնուած եկեղեցիներու: Սակայն ատիկա արգելք չէ ու պէտք չէ ըլլայ, որ մեր ժողովուրդը ազգապահպանման ծառայող ուրիշ կազմակերպութիւններու գոյատեւման համար ալ շօշափելի նուիրատուութիւններ ընէ:
Մեր մամուլը իրեն տրամադրելի միջոցներով կ՛օգնէ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ ամէն իրաւունք ունի սպասելու, որ սփիւռքի հայութիւնը պէտք եղած նիւթական օգնութիւնը հասցնէ նաեւ իր պահպանման ու բարգաւաճման համար:
Ռ. ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ