Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Պարսելոնա պատուոյ համաձայնագիր ստորագրեցին մատրիտեան խումբի յառաջապահ Անթուան Կրիզմանի ապագային վերաբերեալ:
Աթլեթիքօ Մատրիտ կ՛ուզէ պահել յառաջապահը եւ կը շարունակէ բանակցութիւններ վարել ֆրանսացիին հետ` գործող պայմանագիրի երկարաձգման շուրջ:
Ըստ ստորագրուած համաձայնագիրին, Պարսելոնա պէտք չէ միջամտէ ֆութպոլիստին եւ Աթլեթիքոյի միջեւ բանակցութիւններու ընթացքին, սակայն եթէ Կրիզման հրաժարի նոր պայմանագիր կնքելէ, մատրիտեան ակումբին հետ, Աթլեթիքոյի ղեկավարութիւնը այդ մասին կը յայտնէ Պարսելոնայի ներկայացուցիչներուն:
Այս ձեւով, Պարսելոնա առաւելութիւն կ՛ունենայ, եթէ Կրիզման որոշէ հեռանալ Աթլեթիքոյէն: